Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ կատակերգակ KEV ORKIAN-ի «COVID MOVID» մենակատարումը

The organizing committee for Kev Orkian show in Montréal Micheal,Ara, Kev, Arto,Raffi missing in pic Berj Kokorian, Ara Gueriguian & Nora Yacoubian special thank you to Salpi Haladjian & all our sponsor’s

Ուրախութեան բոլոր ծալքերը ողջագուրող՝ խնդուք-յուզումի գունաւոր երեկոյ մը ըմբոշխնեց Մոնթրէալահայութիւնը՝ անհամբեր:

Կը կրկնենք «անհամբեր»ը, երբ համայն աշխարհ կորսնցուցած էր իր ուրախութիւնը, երբ «Covid»-ի պատճառաւ ժպիտը գողցուած էր մարդկային առօրեայ շրթներէն, երբ բոլորս թաղուած էինք կեանքի վեր ի վայրումներու, օրական մտահոգութիւններու, պատերազմներու,  անստոյգ անակնկալներու մէջ, երբ բոլորս անհամբերօրէն  կ’երազէի՜նք վերադարձը խաղաղութեա՜ն ու անդորրութեա՜ն…

… Ահա’, վրայ կը հասնէր Covid Movid-ը:

…Վրայ կը հասնէր, Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը իր բոլոր յանդգնութեամբ եւ ուժգնութեամբ կ’առնէր այդ հսկայական քայլն ու աշխատանքը շնորհելու համար, անյագօրէն սպասուած խնդուքի առիթը՝ վերջապէ’ս:

KEV ORKIAN բոլորովին նոր յայտագիրով մը կը ներկայանար, յայտնութիւններու ու անակնկալներու մարգարտաշարով մը:

Ելոյթը մեծամասնութեամբ անգլերէն լեզուով էր, երբեմն համեմուած հայերէնով: Ձեւ մը, որ աւելի մատչելի կը դարձնէր՝ օտարները ծանօթացնելու մեր փառքերուն ու բարքերուն նոյնիսկ եթէ այդ՝ ըլլար. կծու երգիծանքի թաքունութեան տակ:

Մենք կ’անկալէինք ելոյթ մը, որ պարփակէր, միա’յն խնդուք… սակայն մենք ստացանք աւելի’ն: Ստացանք դասական երեկոյ մը: Կեանքի առօրեայ թղթածրարները բացուեցան մեր առաջ՝ ընտանիք, սովորութիւն, հայրենիք, Արցախ, Արարատ…:

KEV ORKIAN-ի դաշնամուրի հմտութիւնը անգամ մը եւս կը յայտնուէր, հմտութիւն մը ընդգրկած՝ ազգային-մարդկային ասեղնաշարերը:

Բոլորովին անակնկալ մըն էր երբ KEV ORKIAN աջալրջութիւնը ունեցաւ դաշնամուրի վրայ, յարգելու, անդարձ մեզմէ բաժնուած գրիչի եւ պատմաբանութեան ռահվիրայ ընկ. Երուանդ Ազատեանի յիշատակը, անոր նուիրելով մահերգ մը:

Ապրիլ 1, 2023-ը դասական ծիծաղի փառատօն մը եղաւ:

600 ներկաներու, յոտնկայս բուռն ծափահարութիւնները ցնցեցին Centre d’Armenie-ի շքեղ սրահներու պատերը:

Առաջին անգամ ըլլալով դժուարին օրերու ճնշումն ու ազդեցութիւնը կարծես կը թօթափուէր մեր ուսերէն՝ թէկո՜ւզ մէկ ու կէս ժամուայ համար:

Գնահատանքի փունջ մը ծաղիկ, Թէքէեան Մշակ. Միութեան՝ իր նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ ընկ. Արթօ Մանուկեանի, որ գլուխը անցած մշակութային յանձնախումբին, ունեցաւ մտապատկերը՝ (Vision) հրամցնելու համար սոյն որակաւոր միջոցառումը:

 

Պերճ Գոգորեան