Միջինքի Խանդավառ Ճաշկերոյթը Թէքէեան Մշակ. Միութեան Մէջ

Մոնթրէալ

 

Օրերը կը սահի՜ն:

Արդէն եղեր ենք Շաբաթ, 18 Մարտ:

Եւ հասեր ենք Միջինք-ին:

Բոլորեր ենք մեծ պահքի առաջին կէսը. եւ ինչպէս սովոր է՝ Թէքէեան Մշակ. Միութեան Վարչութիւնը՝ միանալով տիկնանց յանձնախումբին, առանց նուազագոյն յոգնութիւն կամ մանրամասնութիւն խնայելու, այս տարի եւս կազմակերպած էր իր տարեկան Միջինք-ի ճաշկերոյթը:

Մտերմիկ սեղաններու շուրջ հաւաքուած, զուարթ տրամադրութիւններու եւ հայկական երաժշտական մթնոլորտի մէջ, խուռներամ ներկաները, պատուասիրուեցան՝ բացառաբար ճոխ ու այլազան համադամներով, որոնց յաջորդեց անզսպելի անուշեղէններ:

Վարչականներէն Յարութ Գույումճեան, իբրեւ խօսնակ, կրկին յիշեցուց ներկաներուն, Թ.Մ.Մ.-ի յաջորդ զոյգ ձեռնարկները, նախ՝ Covid-Movid-ի ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 1 Ապրիլ, Centre D’armenie-ի մէջ, աշխարհածանօթ երաժիշտ, երգիծաբան եւ դերասան՝ Kev-Orkian-ի կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Ս. Զատիկի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին:

Ներկաները բաժնուեցան իրարմէ հետերնին տանելով Միջինք-ի, թէ’ հոգեւոր թէ’ ընկերային տրամադրութիւնները:

 

Պերճ Գոգորեան