Մոնթրէալի մէջ ՌԱԿ-ը տօնեց Canada Day-ը

Խանդավառ եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Մոնթրէալի ՌԱԿ-ը տօնեց

Canada Day-ը:

Յուլիսի առաջին օրը, անթերի ու արագ, Chef Vivig-ի պատրաստած համեղ Brunch ին շուրջ վայելեցինք ընկերային բացառիկ պահեր: ԹՄՄ-եան պուրակին մէջ, գաղջ մթնոլորտի ազդեցութեան տակ, ստեղծուած էր զուարթ միջավայր մը:

Ահաւասիկ առիթ մը եւս տօնելու համար առաջին տարեդարձը Ընկ. Յանձնախումբի կազմութեան ու գործունէութեան: Կարկանդակը կտրեց Յանձնախումբի ատենապետ՝ Վարդիվառ Մուղալեանը նորանոր աշխատանքի ու յաջողութեան խոստումներ տալով:

 

Ներկայ էր եւ իր օրհնութեամբ կը պատուէր Առաջնորդ Գանատահայոց Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը. Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Եղիա քհնյ. Քըրվանճեան եւ ազնուափայլ երէցկինը իր ընտանիքով, նոյնպէս Սուրբ Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեան, նաեւ Առաջնորդարանի պատասխանատու պրն. Լեւոն Իսախանեանը:

 

Աշխոյժ երիտասարդ-երիտասարդուհի ընկերներ, առաջնորդութեամբ ՌԱԿ ի ատենապետ Արա Պալեանի միշտ հաճոյքով գոհացում կու տային բոլոր ներկաներու փափաքներուն:

Ներկաները չէին ուզեր բաժնուիլ, սակայն երեկոյեան վերջին ժամերուն պահն էր մեկնելու, անոնք իրենց հետ տանելով ամառնային եղանակի բացման այս գեղեցիկ հաւաքին զուարթ վայրկեանները:

 

Ներկայ մը