Շաբաթ՝ 30 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի Տիկնանց Յանձնախումբի տարեկան մեծ տօնավաճառի բացման հանդիսութիւնը: Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Տիկին Զուարթ Թագւորեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ապա հրաւիրեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանը, որպէսզի իր օրհնութեամբ եւ աղօթքով կատարէ տարեկան տօնավաճառի պաշտօնական բացումը: Տէր Հայրը իր մեծարանքի խօսքը ուղղեց Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիկ. Զուարթ Թագւորեանին, յանձնախումբի անդամուհիներուն եւ բոլոր օժանդակ տիկիններուն տարած տքնաջան աշխատանքին եւ անձնուէր ծառայութեան: Ուստի, Տէր Հայրը խնդրեց ներկաներէն խորհրդանշական այս պահուն մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգանքի տուրքը մատուցանել մեզմէ անդարձ բաժնուած Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիներուն անթառամ յիշատակին:
Տարեկան մեծ տօնավաճառի օրուան Պատուոյ Հիւրն էր մեր Եկեղեցւոյ նուիրեալ հաւատացեալներէն ազնուափայլ՝ Տիկին Արշալոյս Կէրկէրը:
Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան արժեւորեց Տիկին Արշալոյս Կէրկէրի անսակարկ ծառայութիւնն ու տօնավաճառի պատուոյ նախագահութեան ստանձնումը, որ իսկապէս տիկին Կէրկէր իր այս կեցուածքով ապացուցեց իր արժանավայել հայ քրիստոնեայի տիպարը:
Ապա, տեղի ունեցաւ տօնավաճառի բացման հանդիսութեան ժապաւէնի հատումը, ձեռամբ՝ տիկին Արշալոյս Կէրկէրի:
Մեր երախտագիտական ջերմ զգացումները կը փոխանցենք տիկին Արշալոյս Կէրկէրին, որ միշտ ժրաջանօրէն իր նպաստը կը բերէ եկեղեցւոյ զանազան ձեռնարկներուն, նուիրաբերելով իր Աստուածահաճոյ առաքելութիւնը:
Կիրակի՝ 31 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ս. Պատարագի աւարտին տարեկան մեծ տօնավաճառին առիթով, ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս տեղի ունեցաւ յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ Տիկնանց Յանձնախումբի եւ օժանդակներէ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած անդամուհիներու անմոռանալի յիշատակին, որմէ ետք, տօնավաճառը շարունակուեցաւ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ, արձանագրելով աննախընթաց յաջողութիւն զոյգ օրերու ընթացքին:
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ