ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԳԻՐԸ

  Բոլոր անոնք որ ճանչցած են Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանը՝ անկէ մնացած տպաւորութիւնը համեստութիւնն է, իր անյաւակնոտ կենցաղը:  Խորունկ անձ մը որ տարուած էր ներքին ապրումով. սակաւախօս ու լուռ, երբեմն այն տպաւորութիւնը տալով որ ըսելիք չունի:  Սակայն, ան կ’ապրէր իր ներքին հարստութեամբ. ծայրայեղօրէն զգոյշ էր որ իր գիտցածը չպարտադրէ ուրիշներուն, եւ իր գիտցածը միշտ շատ էր ու խոր:

Անոր համար արտայայտուելու ապահով միջոցը գրելն էր, թէեւ ինք միշտ հանդիսացած է նաեւ բանաւոր խօսքի վարպետը:

Երկար տարիներ, երբ կը մասնակցէր Մոնթրէալի «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, հաւանաբար խմբագրին չափ, եթէ ոչ աւելի, ներդրում ունէր թերթին բովանդակութեան մէջ:  Երբ կը գրէր ազգային հարցերու մասին տարողունակ յօդուածներ, սակայն կը բաւականանար իր անուան սկզբնատարրերը գործածելով փոխանակ իր ամբողջ անունը բացայայտելու:  Անոր համար աւելի կարեւոր էր գաղափարները առաջ մղել քան իր անունը:

Բնաւորութեամբ՝ հանդարտաբարոյ եւ հեզ, երբեք չէր փորձեր մտնել բանավէճերու մէջ:  Սակայն, ան բուռն հաւատացողն էր իր գաղափարներուն եւ միայն սկզբունքներու պաշտպանութեան պահուն էր որ անոր գրիչը կը կարծրանար եւ զգացումները անզիջում բնոյթ մը կը ստանային:

Երբեմն Յարութիւն Արզումանեանի մասնակցութիւնը թերթին կ’անցնէր աննշմար, որովհետեւ կը բաւականանար կարճ «տոմսակ» մը գրելով եւ ստորագրելով «Մասիս». կրնար պատահիլ որ այդ «տոմսակ»ը աչքի չզարնէր անգամ:  Սակայն, կարդացողը միայն կ’անդրադառնար այդ կարճ տոմսերու բովանդակութեան որոնք կը տրուէին «Նշմարներ» վերնագրին տակ:

Հեղինակը՝ ինքը չէր փափաքեր յաւակնութիւններ սնուցանել այդ  գրութիւններով:  Անոնք բերրի հողի մէջ նետուած եւ անոր կողմէ անտեսուած հատիկներ կը մնային:

Այդ կարճ գրութիւնները այնքան խիտ էին իրենց բովանդակութեամբ որ կրնային համազօր դառնալ աւելի լայն յօդուածներու:  Այդ գրութիւնները համեմուած են սուր դիտողականութեամբ եւ փայլուն սրամտութեամբ:  Կենցաղային խնդիրներ, ազգային լուրջ իրավիճակներ, քաղաքական դէպքեր թեթեւ գրիչով լուրջ լուծումներ կը ստանային այնտեղ:

Այդ գրութեանց մէջ մանաւանդ նշմարելի է պարոնեանական դաստիարակիչ երանգ մը որ կ’ուրուագծուի ամէն գրութեան մէջ, երբեմն նոյնիսկ տողատակի ակնարկութիւններով:

Արզումանեան, իր համեստութեան մէջ, երբեք չէր խորհած որ այդ գրութիւնները կրնային հաւաքաբար մնայուն արժէք դառնալ.  այդ պատճառաւ ալ չէր իսկ մտածած զանոնք հաւաքել գիրքի մը կողքին ներքեւ:  Եւ, արդարեւ, այդ գրութիւնները կրնային այդպէս ալ անտեսուիլ ու կորչիլ, եթէ բարի ձեռք մը համախմբած չըլլար զանոնք:

Յարութիւն Արզումանեանի տիկինը՝ Սիմա, առանց իմացնելու իր ամուսնոյն, կը համախմբէ բոլոր այդ գրութիւնները «Նշմարներ» վերնագրին տակ եւ քանի մը գործակիցներու օժանդակութեամբ լոյս կ’ընծայէ հատորը՝ անակնկալ մը ընելով հեղինակին:

Այդ փոքր եւ ոսկերչական կիտումներով արձանագրուած գրութիւնները ի մի գալով կը կերտեն հրապարակագրական դէմքը Արզումանեան գրողին:

Թէեւ Յարութիւն Արզումանեաննի բազմակողմ վաստակին մէջ փոքր անկիւն մը կը գրաւեն այդ գրութիւնները, սակայն ունին ինքնուրոյն դիմագիծ եւ լուրջ ներդրում հայ մամուլի արդի պատմութեան:

 

Տիթրոյթ

 

Ստորեւ նմոյշ մը Յարութիւն Արզումանեանի «Նշմարներէն»

 

ԹՈՂ ԳՈՐԾԵՐԸ ԽՕՍԻՆ

 

Կը պատմեն թէ Հնդկաստանի մէջ գիւղացի մը դաշտ կ’երթար աշխատելու իր ձեռնասայլը քշելով, երբ յանկարծ, չար բախտէն, սայլը կիսով կ’իյնայ ճամբու եզրի խրամատին մէջ: Գիւղացին, խորհելով թէ պիտի չկարենայ սայլը փոսէն դուրս հանել, ողբ ու կոծով օգնութեան կը կանչէ Պուտտան եւ Պրահմանը, սակայն ի զուր: Անցորդ մը տեսնելով գիւղացիին խղճալի վիճակը, կ’ըսէ. «Բարեկամ, եթէ կ’ուզես սայլդ հանել, իջիր փոսին մէջ, դիր ուսդ սայլին տակ, ամբողջ ուժովդ հրէ, եւ ապա օգնութեան կանչէ քու աստուածներդ, տես թէ այն ատեն ինչպէս օգնութեան կու գան»:

Եթէ այդ գաղափարը ճիշդ էր հնամեայ Հնդկաստանի մէկ գիւղին մէջ, տասնապատիկ ճիշդ է մեր դարուն եւ մեր միջավայրին մէջ, ուր միայն աղօթքով, խօսքով, յոյսերով եւ երազներով հրաշքներ չեն կերտուիր. նախ՝ աշխատանք պէտք է:

Անցնող շաբաթավերջը, մոնթրէալահայութեան, թերեւս նոյնիսկ սփիւռքահայութեան պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ: Ալ չենք կրնար ըսել, որ այս գաղութին մէջ չունինք պատշաճ հաւաքատեղիներ. տարի մը ետք ալ պիտի չկարենանք ըսել, որ չունինք սեփական դպրոցաշէնք: Դիւրին չեղաւ եւ չ’ըլլար անշուշտ այս բոլորը: Ողբ ու կոծով, դժգոհելով եւ գանգատելով չեղան այս բոլորը, այլ աշխատանքով. եւ եթէ չըլլային Հ.Բ.Ը.Մ.ի ու անոր անզուգական նախագահին հզօր օժանդակութիւնը, այս գաղութին ճարճատող սայլը տակաւին շատ սայթաքումներու կ’ենթարկուէր:

Բայց, ինչպէս ամերիկացիները կ’ըսեն, գնդակը հիմա խաղավայրին մեր կողմն է. աչքերը մեր վրայ են, թէ այս գաղութը իր վրայ դրուած յոյսերը որքանով պիտի կարենայ արդարացնել:

Շէնքերու տիրանալով, մեր գործը չի վերջանար, այլ նոր է որ պիտի սկսի:

24.9.1977