Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի Օծման եւ Անուանակոչութեան 50-րդ եւ 51-րդ ամեակներու Հանդիսաւոր տօնակատարութիւն

Տիկին Զուարթ Թագւորեան Կը Պարգեւատրուի

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետական Շքանշանով

 

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան Մայր Տաճարին Կը Փոխանցէ

Իր Հոգածութեան Յանձնուած

Միջնադարեան Պատմական թանկագին Խաչքարը

Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր 2021-ին, Եկեղեցւոյս Գնման, Օծման եւ Անուանակոչութեան 50-րդ եւ

51-րդ ամեակներուն առիթով տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որ մատուցեց եւ քարոզեց՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, Առաջնորդ՝ Գանատահայոց Թեմի, առ ընթերակայութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանի,

Յաւարտ առաւօտեան ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ՝ Եկեղեցւոյս նախկին հոգեւորականներու, բարերարներու, ծխական խորհուրդի եւ Եկեղեցւոյս մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցած անդամներու եւ նուիրեալ զաւակներու հոգիներուն ի հանգիստ:

Այս յատուկ առիթով, կատարուեցաւ Հայրապետական Կոնդակի ընթերցում եւ շքանշանի պարգեւատրում Տիկին Զուարթ Թագւորեանին: Առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ երկար տարիներու իր գերազանց եւ նուիրեալ ծառայութեանց, իբրեւ ծխական խորհուրդի ատենապետուհի, թեմական պատգամաւոր եւ մանաւանդ եկեղեցւոյ ժրաջան տիկնանց յանձնախումբի տասնեակ տարիներու ատենապետուհի, միջնորդութեամբը Առաջնորդ Աբգար Սրբազան Յովակիմեանի, տիկին Զուարթ Թագւորեան կը պարգեւատրուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Շքանշանով:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ Եկեղեցւոյ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ բարձր նախագահութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Այս տարի ըլլալով մեր Եկեղեցւոյ պատմական իրադարձութեան մէջ խորհրդանշական տարի մը, թէեւ մեր Եկեղեցւոյ Գնման եւ Օծման պանծալի 50-րդ ամեակը կը համընկնէր անցեալ տարի, որ նախատեսուած էր տօնել փառաւոր կերպով, սակայն համաճարակի պատճառով յետաձգուեցաւ եւ իրագործուեցաւ այս տարի մեծաշուք հանդիսութեամբ եկեղեցւոյ բացառիկ կերպով բարեզարդուած Մարի Մանուկեան հանդիսասրահին մէջ:

Կազմակերպութեամբ հոգեւոր հովիւի եւ ծխական խորհուրդին տեղի ունեցաւ տօնական իւրայատուկ ճաշկերոյթ՝ ընկերակցութեամբ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:

Ուստի, օրուան հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Սիլվա Ամատունի Թօքաթլեան հանդէս եկաւ իր բարի գալուստի մաղթանքով, որմէ ետք, Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:

Ապա, ելոյթ ունեցաւ գաղութիս նորաստեղծ, բայց արդեն հանրածանօթ CREO երգչախումբը, ղեկավարութեամբ տիկին Լիլիթ Յետիկարեանի, ով միաժամանակ կը հանդիսանայ նաեւ Եկեղեցւոյս «Կոմիտաս» դպրացդաս երգչախումբի խմբավարը, ներկաներուն հրամցնելով երաժշտական բարձրաճաշակ կտորներ։

Ապա, իր սրտի եւ երախտիքի խօսքը փոխանցեց ծխական խորհուրդի ատենապետ՝ պրն. Ժիրայր Տոլարը, որմէ ետք, Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան իր պատգամով եւ յատուկ գնահատականով անդրադարձաւ Եկեղեցւոյս անցեալի պատմական իրադարձութիւններուն եւ ներկայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն հետ միատեղ Եկեղեցւոյ ի գործ դրած ճիգն ու մարտահրաւէրները, կարենալ ապահովելու քրիստոնէական հաւատքի պահպանումն ու մեր Եկեղեցւոյ շարունակական երթն ու գոյատեւումը:

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ եկեղեցւոյ հովիւին կողմէ կատարուեցան գնահատական բազմաթիւ ներկայացումներ:

Յիսուն ամեակի շքեղ եւ պատմական այս ձեռնարկին՝ նոր իշխանական նուիրատուութեամբ մը, կնքահայրութիւնը ստանձնած էին առաջին իսկ օրերէն եկեղեցւոյ բացառիկ եւ անխոնջ ծառայողներ եւ իշխանական նուիրատուներ Տ. եւ Տիկ. Գրիգոր Տիգրանեանները: Այս առիթով առ ի երախտագիտութիւն Տ. եւ Տիկ. Գրիգոր եւ Ռօզ Տիգրանեաններ, պարգեւատրուեցան Յատուկ «Հայաստան» յուշատախտակով :

Եկեղեցւոյ 50-ամեայ յոբելեանը խորհրդանշող շքանշաններու, Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրերու պարգեւատրումը շարունակուեցաւ ձեռամբ՝ Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանի եւ պարոն ատենապետին։

Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հովիւի ձեռամբ՝ Եկեղեցւոյ 50-ամեայ յոբելեանը խորհրդանշող արծաթեայ յուշապնակներով, Առաջնորդարանի շքանշաններով եւ ծաղկեփունջերով պարգեւատրուեցան՝ Տ. եւ Տիկ. Արտէն եւ Քրիսթին Տէրվիշեաններ, Տօքթ. Արթօ Տէմիրճեան, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան Պրն. Լեւոն Աֆէյեան,Պրն. Նուրհան Ճանքուլ եւ բացականեր՝ Պրն. Արմէն Պչաքճեան, Պրն. Արամ Եագուպեան եւ Պրն. Վանդ Թաշճեան:

Հոգեւոր հովիւի եւ ծխական խորհուրդի կողմէ Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրերով պարգեւատրուեցան ՝ Տիկ. Շաքէ Կէօնճեան եւ Տիկ. Ռոզ Տիգրանեան եւ արժանացան ծաղկեփունջերու:

Նոյնպէս ծաղկեփունջեր նուիրուեցաւ խումբ մը արժանավայել անձնաւորութիւններու՝ Տիկ. Նելլի Ալեքսանեանին (կիրակնօրեայ վարժարան), Տիկ. Մարալ Պօղոսեանին (գրասենեակի քարտուղարուհի), Տիկ. Մարգարիտ Գազարեանին (ծխական խորհուրդի նախկին անդամ), Տիկ. Վարդուհի Պալեանին եւ Տիկ. Նատիա Կէօնճեանին:

Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ գնահատանքին արժանացան Եկեղեցւոյ երգեհոնահար՝ Պրն. Վահրամ Սարգսեանը եւ Պրն. Աբրահամ Սաղլամը:

Այնուհետեւ Եկեղեցւոյ 50-ամեայ գործունէութեան պատկերները ցուցադրուեցան տեսահոլովակով մը, որոնք արտացոլացուցին Եկեղեցւոյս 50-ամեայ երկարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքը անցնող տասնամեակներուն եւ ներկայիս շարունակուող այժմէական իրագործումներով:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, ուր իրենց սրտի խօսքով եւ եկեղեցւոյ պատմութեան յիշատակներու վերյիշեցումներով՝ հանդէս եկան Եկեղեցւոյս նախկին հոգեւորականներ եւ հիմնադիր աշխարհականներ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գերշ. Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան, Արժ. Տ. Զարեհ Ա քհնյ. Զարգարեան, Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Պոյաճեան, Տոքթ. Արթօ Տէմիրճեան եւ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որոնք իրենց սրտի խօսքի կողքին նաեւ շնորհաւորեցին Եկեղեցւոյ պատմական 50-ամեայ յոբելեանը:

Այս առիթով, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, իր շնորհաւորական խօսքերուն աւարտին, յայտարարեց թէ 50-ամեայ Ոսկեայ տարեդարձի հանդիսաւոր այս առիթով, որոշած է, քառասուն տարիներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան այդ օրերու վարչապետ, այժմ հանգուցեալ Ֆատեհ Սարգիսեանի կողմէ իր հոգատարութեան յանձնուած միջնադարեան պատմական թանկագին Խաչքարը փոխանցել Գանատահայոց Թեմին որպէսզի ան զետեղուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ:

Օրուան հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Սիլվա Ամատունի Թօքաթլեան իր տաղանդն ու շնորհքը արտայայտեց մեկնաբանելով՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հայրենի հողը» բանաստեղծութիւնը:

Յատուկ գնահատանքի արժանի են տեսահոլովակի եւ տեսանիւթերու պատասխանատու՝ Պրն. Վիգէն Պապոյեան, արուեստագիտութեան պատասխանատու՝ Պրն. Ֆրէտէրիք Գալինեան եւ նկարահանման պատասխանատու՝ Պրն. Լեւոն Իսախանեան եւ օրուան հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Սիլվա Ամատունի Թօքաթլեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւոր հովիւի եւ ծխական խորհուրդի կողմէ կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր 50-ամեակի յոբելեանական կարկանդակի հատումն ու բաշխումը:

Մասնայատուկ շնորհակալութիւն Եկեղեցւոյ բոլոր յարակից մարմիններուն, Տիկնանց Յանձնախումբին եւ օժանդակներուն, նուիրատուներուն, Fleurs Glamour-ին, եւ բոլոր անոնց որոնք միշտ իրենց պատրաստակամութեամբ նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալեր կը հանդիսանան եկեղեցւոյ բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Թո՛ղ միշտ կանգուն մնայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անշէջ եւ լուսաշող կանթեղը իր լոյսի ճառագայթները յաւերժ պիտի ճաճանչէ Մայր Տաճարին 100 եւ առաւել ամեակներ եւս:

 

Տօնակատարութեան մասնակից՝ ներկայ մը