Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի Տարեկան Ընդհ. Անդամական Ժողովը

Կիրակի 30 Ապրիլ 2023-ի Կէսօրէ ետք ժամը 2.00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ տարեկան ընդհանուր անդամական ժողովը:

Անդամներու արձանագրութիւններէն ետք, ժողովի բացման կոչը ի պաշտօնէ կատարեց նախորդ տարուան Տարեկան Ընդհանուր Ժողովի դիւանի ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, եւ նկատի ունենալով ներկայ անդամներուն թիւը, աւելի էր քան պահանջուած 50 թիւը, ժողովը օրինական համարուեցաւ:

Տարեկան Ընդհանուր Ժողովի Նախագահ՝ Գանատահայ թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի Տէրունական աղօթքէն ու իր օրհնութիւնները տալէ ետք ժողովը բացուած յայտարարուեցաւ:

Առանց մանրուքները նկատելի առնելու ժողովը անցաւ սահուն, կանոնաւոր ու անսայթաք:

ա) Օրուան դիւանի ընտրութիւնը, անցեալ տարուայ՝ կատարուեցաւ միաձայնութեամբ, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ ատենապետ եւ Շուշան Արիսեան ատենադպրուհի:

բ) Նախորդ անդամական ժողովի ատենագրութիւնը՝ համացանցի միջոցաւ անդամներուն ուղարկուած ու ընթերցուած ըլլալով. Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան առաջարկեց ընթերցումը զանց առնել:

գ) Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան յաջորդաբար հրաւիրեց յանձնախումբերը, իրենց տեղեկագիրները ներկայացնելու համար:

դ) Առաջին հերթին Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեան՝ ներկայացուց հոգեւոր հովիւի տեղեկագիրը: Ան նախ՝ ողջունեց օրուան դիւանի ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, Ծխական Խորհուրդի անդամներն ու պատգամաւորները ու որոշակի անդրադարձումներ կատարեց:

* Ամէն Կիրակի, Պատարագի աւարտին տեղի կունենայ հիւրասիրութիւն կազմակերպութեամբ Տիկնանց  Յանձնախումբին:

* Հրատարակչական կեանքէն ներս, 2023 տարեշրջանը 5-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ հրատարակել Մայր Տաճարի երկլեզու օրացոյցը:

* Եկեղեցւոյ «Կանթեղ» շաբաթաթերթը շարունակաբար կը հրատարակուի:

*«Կոմիտաս» դպրաց դաս երգչախումբը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

ե) Ծխական խորհուրդը ներկայացուց իր տեղեկագիրը:

զ) Յիշուեցաւ, որ 38-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ 26-27 Մայիս 2023-ին Լաւալի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

է) Ծխական խորհուրդի հաշուապահ Տիկ. Ռաքէլ Տողրամաճեան քաղաքէս բացակայ ըլլալուն, ծխականի վարչութեան փոխ ատենապետ Արէթ Սօնմէզ փոխարինեց անոր, ներկայացնելով 31 Դեկտ. 2022-ին աւարտող ելեւմտական տարուայ ընթացքին գրանցուած գործարքները որոնցմէ ամենէն ծախսալիցը  ջերուցման սարքն էր:

Նկատի առնուեցաւ, թէ նախորդ տարուայ կառավարական օժանդակութիւնը շատ աւելի մեծ էր 2022-էն, համաճարակի պատճառաւ:

է) 2023- տարեշրջանի ներկայացուած նախահաշիւը գնահատանքով ընդունուեցաւ ու վաւերացուեցաւ:

ը) Տեղի ունեցաւ վաւերացում Ընտրողական Յանձնախումբի անուններուն եւ առաջարկուեցան յաւելեալ անուններ:

թ) Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Մաս»ի յանձնախումբի բծախնդիր աշխատանքին, մանաւանդ Տիկնանց  Յանձնախումբի մասին, երբ այս վերջինը յառաջապահ զինուորներու նման, միշտ իր ուսերուն վրայ կ’առնէ ամենածանր բեռը:

ժ) Իբրեւ ամփոփում՝ հետեւեալ անունները իրենց սիրայօժար պատասխանատուութիւնները կը ստանձնեն՝ նոր տարեշրջանի աշխատանքին՝

* Ծխականի նոր անդամներ՝ Պրն. Ռոպէր Քէշայեան, Տիկնք. Մակտա Զաքարեան, Ալին Իրատեան, Յասմիկ Պելելի Պրն. Արթօ Մուրատեան:

* Ընտրողական Յանձնախումբ՝ Պրն. Ժիրայր Տօլար, Տիկնք. Սօնիա Սուվալեան, Սիլվա Մանկասարեան եւ Տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան:

* Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ՝ Պրնք. Ժիրայր Տէօվլէթեան, Գրեկ Տէր Գէորգեան եւ Տիկ. Մարալ Պալեան:

Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ եւ աղօթքով փակուեցաւ 2023-ի Տարեկան Ընդհանուր Անդամական Ժողովը: