Նորոգ հանգուցեալ Վարդուհի Պալեանի տան կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի` Օգոստոս 24-ին, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:
Հանգուցեալին Երկար տարիներու գաղութին մէջ ունեցած բացառիկ վաստակին հետեւանքով, ներկայ էին ազգականներու, բարեկամներու, նախկին աշակերտներու եւ շատ լայն շրջանակներէ եկած՝ սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր իր վերջին հրաժեշտը տալու հանգուցեալ Վարդուհի Պալեանին:
Յուղարկաւորութեան յուզումնախառն արարողութիւնը նախագահեց Գանատահայոց Առաջնորդ Սրբազան Հայր՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, իր կողքին ունենալով Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին՝ Տէր Կոմիտաս ներկայացուց հանգուցեալին հարուստ կենսագրականը ուր յիշատակուած են մանաւանդ հանգուցեալին կրթական բազմամեայ վաստակը եւ անոր ստացած բարձրագոյն պարգեւատրումները: Տէր Հայրը իր խօսքին աւարտին, հրաւիրեց հանգուցեալին թոռնուհիին՝ Քլօէ Պալեանին որ խորապէս յուզուած՝ հայերէն եւ անգլերէն գեղեցիկ ուղերձով մը արտայայտուեցաւ յանուն ամբողջ ընտանիքին: Ապա Տէր Հայրը հրաւիրեց «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Աւետիս Պագգալեանին որպէսզի ընթերցէ ՀԲԸՄ-եան Նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի եւ ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեանի ցաւակցագիրերը: Վերջապէս, Տէր Հայրը հրաւիրեց գաղութի երկարամեայ ղեկավար դէմքերէն՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը որ արտասանեց կուր դամբանական մը: Հանգուցեալին ընտանիքին ուղղուած խորազգաց ցաւակցական իր խօսքերէն ետք, որպէս երկար տարիներու՝ հանգուցեալին ջերմ բարեկամ եւ մօտ գործակից՝ Դոկտ Կէօնճեան վեր առաւ Վարդուհի Պալեանին արտասովոր նուիրումը եւ վաստակը Մոմթրէալահայ գաղութին մէջ, յատկապէս անոր ՀԲԸՄ-եան «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի երկարամեայ տնօրէնութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ որպէս ղեկավար անդամներէն մէկը ԹՄՄ-եան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:
Դամբանականը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք այս թիւին մէջ:
Վերջաւորութեան՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր եւ Թեմին անունով՝ արտայայտուեցաւ ցաւակցական, մխիթարական եւ բարձր գնահատական խօսքերով: Ինք իր կարգին ան հիացումով վեր առաւ հանգուցեալին որպէս վաստակաշատ մանկավարժ՝ գաղութային ծառայութեան եւ եկեղեցասիրական նուիրուածութեան բացառիկ նկարագիրը:
Արարողութենէն վերջ, հանգուցեալ Վարդուհի Պալեանին մարմինը ամփոփուեցաւ St. Laurent -ի գերեզմանատան մէջ:
Անոր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ, բոլոր անոնց մտքերուն մէջ, որոնք զինք ճանչցած եւ գործակցած են իր հետ:
Թող բարին Աստուած իր երկնային լոյսերուն մէջ ընդունի Վարդուհի Պալեանին հոգին, եւ Ս. Հոգիով մխիթարէ Պալեան ընտանիքը:
******************************************************
Դամբանական Արտասանուած Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի Կողմէ
Գերշ. Սրբազան Հայր’
Արժ. Տէր Հայր’
Սիրելի Մարալ եւ Գէորգ’ ,
Սիրելի Արա եւ Քլօէ’
Դուք կորսնցուցիք թանկագին՝ իմաստուն՝ եւ հոգատար մայր մը եւ մեծ մայր մը: Ձեր ընտանեկան բազմանդամ եւ բազմատարած պարագաները կորսնցուցին’ զիրենք արդարօրէն հպարտացնող թանկագին անդամ մը:
Մոնթրէալահայ ամբողջ գաղութը յատկապէս՝ կորսնցուց իր կիսադարեան պատմութիւնը կառուցող կարեւոր դերակատարներէն մէկը, որ եղաւ հայաշունչ կրթութեան նուիրեալ դաստիարակ մը որ նոյնքան ալ իսկական մայրութիւն կատարեց հազարաւոր ընտանիքներու զաւակներուն՝ երեսուն տարիներ շարունակ՝ ամբողջական նուիրումով, հոգատար տնօրինութիւնը կատարելով մեր Ալեք Մանուկեան վարժարանին: Իսկ Նատիան եւ յատկապէս ես՝ հանգուցեալ Վարդուհի Պալեանին բացառապէս պտղաբեր երկար կեանքին որպէս ճանապարհակից՝ մենք կորսնցուցինք գիտակից’ զգայուն’ կարող եւ հաւատարիմ’ քոյր մը եւ աննման գործակից մը:
Գաղութի կերտման դժուարագոյն տարիներուն, իրարու հետ բաժնած ենք արտակարգ յաջողութիւններէն բխող ուրախութեանց արդար ապրումները, ինչպէս նաեւ սուր տագնապներու տուած խոր մտահոգութիւնները: Այդ բոլորին ընթացքին սակայն, հակառակ իր իգական զգայուն եւ նուրբ կեցուածքին, առանց նուազագոյն իսկ վհատութեան, Վարդուհի Պալեանը կանգնած է կողքիս’ պողպատեայ հաւատքով, տոկունութեամբ եւ վճռականութեամբ:
Մէկ խօսքով սիրելի Տիկին Պալեան’ դուք բացառիկ էիք, եւ մնացիք բացառիկ մինչեւ վերջ՝ առանց նուազագոյն իսկ վրիպումի, ամբողջ Ձեր կեանքին ընթացքին:
1968-ի շուրջ օր մըն էր կարծեմ, երբ իրենց ծանօթ կամ խնամի՝ մեր ալ բարեկամներէն մէկը, իրեն յատուկ բարձր ձայնով, այդ օրերու «Հայ Տան» հաւաքոյթներէն մէկուն ընթացքին, ինծի ըսաւ «Դոկտ. Կէօնճեան’ ահաւասիկ Հալէպէն նոր հասաւ Պալեան այս ընտանիքը: Իրենք ձեզի համակիրներէն են’ հաւանաբար Օգտակար պիտի ըլլան ձեզի…»: Այդպէս է որ թանկագին այս ընտանիքը, որուն հայրն էր, իսկապէս ազնիւ, Պրն. Օննիկը, մայրը՝ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ պատմութեան հաւատաւոր դաստիարակ Վարդուհին, եւ իրենց երկու պատանի զաւակները, Մարալը եւ Արան, մուտք գործեցին մեր նոր կազմուող եւ արդէն իսկ փոթորկալից գաղութէն ներս:
Անկէ ետք, ինչպէս անգլերէն ասացուածքը կ’ըսէ, «The rest is history»! Ի պատիւ իրենց բոլորին, յաջորդող կիսադարեան մեր գաղութի պատմութեան ամբողջ ընթացքին, հանգուցեալ Օննիկը, ապա զաւակները եւ թոռը՝ Մարալը, Արան եւ հիմա նաեւ Քլօէն՝ ներշնչումովը եւ քաջալերանքովը մայր՝ Վարդուհի Պալեանին, բոլորն ալ բերին եւ տակաւին կը բերեն՝ իրենց թանկագին բաժինը, մեր գաղութին մէջ կատարուող կառուցողական բազմազան աշխատանքներուն:
Հանգուցեալ Վարդուհին՝ իր ամբողջ ընտանիքին ուղեցոյց դառնալով, հաւատարիմ եւ գործօն անդամը դարձաւ մեր եկեղեցւոյ այս ծուխին՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝, Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ անոնց բոլորին կազմաւորման եւ զարգացման ուրախ’ բայց նաեւ յաճախ տագնապալից բոլոր հանգրուաններուն:
Մեր գաղութի անկիւնադարձային պահերէն մէկը եղաւ երբ ես համարձակեցայ նախաձեռնել, անկարելի նկատուող, գաղութի առաջին հայ դպրոցը իրականացնելու աշխատանքին: Այդ տիտանային գործին մէջ, հանգուցեալ Վարդուհի Պալեանը եղաւ այն աննկուն’ հաւատաւոր’ եւ հաւատարիմ’ փոքր թիւով գործակիցներէս մէկը որոնց շնորհիւ կարողացանք ճախրել անթիւ եւ անհամար վիթխարի դժուարութեանց մէջէն, մեր թիկունքին ունենալով, ազգային անկրկնելի՝ պայծառ անձնաւորութիւն հանդիսացող, Ալեք Մանուկեանին զօրավիգը:
Ալեք Մանուկեան վարժարանին փառահեղ եւ դժուար պատմութիւնը սկսած է այստեղ, մեր մայր տաճարին կողքի այս շէնքին վերնայարկէն, ուր Տիկ. Պալեանը եղաւ մեր նուիրեալ առաջին ուսուցիչներէն մէկը: Ապա քանի մը տարիներ ստիպուեցանք միասին տառացիօրէն թափառիլ զանազան դպրոցաշէնքերու մէջ, եւ ի վերջոյ հասանք այսօրուայ պալատանման կառոյցով Ալեք Մանուկեան վարժարանին շէնքը:
Դպրոցին այս պատմութիւնը ամբողջ, իսկական մեծ դիւցազներգութիւն մըն է անկասկած:
Այսօր այս տխուր առիթով, կ’ուզեմ բարձր եւ յստակ յայտարարել թէ այդ արտակարգ դիւցազներգութեան աննկուն հերոսներէն մէկն է անկասկած’ հանգուցեալ սիրելի Վարդուհի Պալեանը: Այստեղ աւելի մանրամասնել, անշուշտ անկարելի է: Պիտի սակայն անպայման նշեմ մի քանի ինքնախօս երեւոյթներ: Վարդուհի Պալեանը, Ալեք Մանուկեան վարժարանին մէջ’ հազարաւոր պատանիներու միտքը եւ հոգին թրծեց գիտակցութեամբ եւ սիրով՝ հանդէպ հայ լեզուին, մայր հայրենիքին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Մայր եկեղեցւոյն: Հայաշունչ մեր այս գաղութին յաջորդական քանի մը սերունդները, ապրող կոթողներ են ի պատիւ վաստակաշատ հանգուցեալ Տիկ. Պալեանին:
Տիկ. Պալեանը նաեւ անմիջական կապն էր բազմահարիւր թէ բազմահազար՝ դպրոցի ծնողներուն հետ, եւ համբերատար լսողը անոնց անվերջանալի դժուարութեանց եւ խնդրանքներուն:
Ձիւնաթաթախ մեր ձմեռներուն՝ տակաւին մեր անվարժ օրերուն, Վարդուհին եւ Օննիկը հաստատուն սիւներու նման, պէտք էր որ յաճախ ներկայ մնային դպրոցին կամ ձիւնին մէջ խռուած օթօպիւսին մէջ, մինչեւ վերջին աշակերտին ապահով յանձնուիլը իր ծնողքին:
Վարդուհին ոչ յոգնիլ գիտէր ոչ ալ հիւանդանալ: Երեսուն տարիներու իր պաշտօնավարման ընթացքին, գրեթէ վստահութեամբ կրնամ հաստատել թէ անհաւատալիօրէն, ան ոչ իսկ մէկ օր բացակայած է, իր հարազատ տունը նկատած սիրելի դպրոցէն:
Վարդուհի Պալեանը, այս բոլորին հետ մէկտեղ, այս բոլորէն առաջ եւ այս բոլորէն ետք, նաեւ յաւիտենական մասնակիցը եւ անգնահատելի հաւատաւոր հենարաններէն մէկն էր, Թէքէեան Մշակութային Միութեան թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Մոնթրէալի մէջ կատարած լայնատարած ազգանուէր գործունէութեանց մէջ: Նոյնպէս կիսադարեան’ Թէքէեանի գաղութային հսկայական գործունէութեան նուիրեալ դերակատարներու կարգին, Վարդուհի Պալեանը ստանձնեց կեդրոնական եւ անփոխարինելի դեր մը, անոր մշակութային թէ ընկերային ձեռնարկներու անհատնում շարքին մէջ:
Այստեղ եւս, Վարդուհի Պալեանին ներկայութիւնը կ’ակնկալուէր ամէն տեղ, մանաւանդ դժուար պարագաներուն մէջ: Իր այդ ներկայութիւնը, յաջողութեան ապահովութիւն կու տար զինք սիրող եւ յարգող, նուիրեալ բազմաթիւ միւս գործակիցներուն:
Մոնթրէալի Թէքէեանի պատմութեան մէջ եւս, քանդակուած պիտի մնայ Վարդուհի Պալեանին պայծառ յիշատակը:
Սիրելի սգակիրներ’ Տիկին Պալեանին յիշատակը անմար պիտի մնայ’ Ալեք Մանուկեան վարժարանի գրասեղաններուն առջեւ, հայկականութեան սէրը ստացած հազարաւոր երախտապարտ աշակերտներուն մտքին մէջ:
Իրեն հետ գործակցողներուս, եւ իր ջերմ ու հաւատարիմ բարեկամութիւնը վայելած բոլորիս համար, իր բացակայութեան թողած մեծ բացը կարելի պիտի չ’ըլլայ երբեք լեցնել:
Յուղարկաւորութեան գերագոյն տխրութեան այս պահը սակայն, պէտք է եւ արդար է որ դարձնենք նաեւ առիթը՝ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կատարած՝ նուիրեալ բացառիկ գործունէութեան արժանի փառաւորանքին եւ տօնակատարութեան:
Աստուած լուսաւորէ պայծառ հոգիդ սիրելի Տիկին Պալեան:
Թող հողը թեթեւ գայ, հոգնիլ չգիտցող եւ սակայն իսկապէս յոգնած ոսկորներուդ վրայ: