Երկուշաբթի՝ 3 Հոկտեմբեր 2022-ին, կայացած Գանատայի Քեպէք նահանգի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած երեք հայ թեկնածուներ՝ Միշէլ Սեթլաքուի (Parti Libéral du Québec), Սելին Հայթայեան (Coalition Avenir Québec) եւ Սոնա Լախոյեան (Parti Libéral du Québec) յաղթանակ արձանագրեցին եւ ընտրուեցան Քեպէքի խորհրդարանի անդամ։
Տեղին է հակիրճ ակնարկ մը կատարել իւրաքանչիւր ընտրուած պատկամաւորի մասին՝
Իրաւաբան Միշէլ Սեթլաքուի հինգ տարի եղած է Mont Royal-ի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2021-ին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը որպէս Mont Royal-ի քաղաքապետ, սակայն չէ յաջողած։ Որպէս իրաւաբան՝ իր մասնագիտական վկայականը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն։ Միշէլ Սէթլաքուիի հօրեղբայրն է ծերակուտական Ռէյմոն Սեթլաքուի (1928-2021), որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Գանատայի ծերակոյտի եւ խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծերու վաւերացման աշխատանքներուն գծով։ Միշէլ Սեթլաքու իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր որպէս Mont-Royal-Outremont ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։
Սելին Հայթայեան տնտեսութեան զարգացման մասնագէտ է եւ Harvard Business Review-ի խորհրդատու։ Ubisoft ընկերութեան միջազգային յարաբերութեանց տնօրէնն է։ 7 տարի պաշտօնավարած է Մոնթրէալի քաղաքապետութեան մէջ։ McGill համալսարանէն ներս ուսանած է իրաւագիտութիւն։ Իր թեկնածութիւնը առաջադրած է որպէս Laval-des-Rapides ընտրատարածքի Coalition Avenir Québec իշխող կուսակցութեան թեկնածու։
Սոնա Լախոյեան աւարտած է Գոնգորտիա համալսարանի քաղաքական գիտութեանց ճիւղը եւ նոյն համալսարանէն տիրացած է public administration-ի մագիստրոսի վկայականին։ Յաջորդական 7 տարի եղած է Լաւալ քաղաքի կրթական յանձնաժողովի անդամ։ Գործօն մասնակցութիւն ունի հայ համայնքէն ներս, իր ծառայութիւնները մատուցելով ՀՄԸՄ-ին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին։ Loto Quebec-ի պաշտօնեայ է։ Իր թեկնածութիւնը առաջադրած է որպէս Chomedey ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։
Աւարտին, կը շնորհաւորենք Քեպէքի նահանգային ընտրութիւններուն խորհրդարանի անդամ ընտրուած երեք հայ թեկնածուները՝ Միշէլ Սեթլաքուին, Սելին Հայթայեանը եւ Սոնա Լախոյեանը մաղթելով անոնց յարատեւ յաջողութիւն եւ վերելք: