Սուրիահայ աշակերտներու պատրաստած աշխատանքը կը յուշէ «Հայ Տուն»ին նուիրական գործունէութիւնը

«Հայ Տուն»ի նախաձեռնութեամբ  եւ ՀԲԸՄ «Ալեքս Մանուկեան» Վարժարանի գործակցութեամբ, Հինգշաբթի՝ 5 Ապրիլ 2018-ին վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը “Accueillir” բարեգալստեան որմազդ-յայտարարութեան, որ պատրաստուած է Սուրիահայ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ զանոնք ընդունող աշակերտներու եւ ուսուցիչներու կողմէ: Այս որմազդը պատրաստուեցաւ, Յունուարէն Յունիս 2017-ին, «Հայ Տուն»ի կազմակերպած Art thérapie-ի աշխատանոցներուն ընթացքին, եւ իրագործուեցաւ գործակցութեամբ LE CAP-ի  եւ TELUS ընկերութեան նիւթական օժանդակութեան: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Տունի տնօրէն՝ Տիկին Նարօտ Օտապաշեան, վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Աննա Աֆէյեան ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ «Ալեքս Մանուկեան» Վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Սէպասթիէն Սթաս եւ Փոխ Տնօրէն Պրն. Շահէ Թանաշեան, ներկայութեան վարժարանիս երեք դասարաններու աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Պրն. Սթասի բացման խօսքով որմէ ետք Տիկին Օտապաշեան Հայ Տունի խօսքը արտասանեց, ապա երկու աշակերտ ասմունքեցին մաս կազմելով յայտագրին գեղարուեստական բաժնին:

«Բարի գալուստ» որմազդ-յայտարարութիւնը «Հայ Տուն»ի եւ «Ալեքս Մանուկեան» վարժարանի միջեւ 9 տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող յատուկ գործակցութեան արդիւնքն է, որ ստեղծուած էր պատանի գաղթականները ընդունելու եւ Քեպէքի մէջ անոնց նոր կեանքը դիւրացնելու նպատակով:

«Հայ Տուն»ին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ հեզասահ գործընթաց: