Եգիպտահայութեան նուիրուած համագումար

Եգիպտահայոց նուիրուած համագումարը, որ կազմակերպուած է Գահիրէի Հայոց Առաջնորդարանին եւ Հայկազեան համալսարանի կողմէ (Պէյրութ) միասնաբար եւ որ սփիւռքի գաղութներուն նուիրուած համագումարներու շարքին հինգերորդն է, Հինգշաբթի 12 Ապրիլ 2018-ին սկսաւ իր աշխատանքներուն Կոկանեան սրահէն ներս (Գահիրէ):

Այս համագումարին համար յատկապէս հրաւիրուած էին Հայաստանէն եւ Պէյրութէն բանասէրներ, ինչպէս եւ Գահիրէէն մասնակիցներ կային:

Համագումարին բացումը կատարեց գաղութիս բարեջան Առաջնորդ Աշոտ Սրբազան Մնացականեան, որուն յաջորդեց Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսեանի խօսքը:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, այս համագումարներու պատասխանատուն եւ կազմակերպիչը, հրաւիրեց մասնակիցները՝ ՀՀի Գահիրէի դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան (Գահիրէ), տիար Միհրան Մինասեան (Երեւան) եւ տիկին Ազատուհի Սիմոնեան (Պէյրութ), իրենց զեկոյցները ներկայացնելու համար (Ա. նիստ):

Նիստերը կը վարէր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ 13 Ապրիլին, Սրբուհի Թերեզա սրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ շարունակուեցաւ համագումարը Բ. նիստով եւ տեւեց մինչեւ իրիկուն:

Այդ օրը առաւօտեան երեք զեկոյցներ կարդացուեցան՝ տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի (Գահիրէ), տիար Պետրոս Թորոսեանի (Պէյրութ) եւ դոկտ. Նարինէ Մարգարեանի (Երեւան) կողմէ: Նիստը վարեց տիկին Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեան:

իսկ յետմիջօրէին Բ. նիստը չորս զեկոյցներով շարունակուեցաւ՝ տիար Հայկ Աւագեան (Գահիրէ), դոկտ. Տիգրան Ղանալնեան (Երեւան), դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեան (Երեւան) եւ տիար Ռաֆայէլ Ումուտեան (Գահիրէ): Նիստը վարեց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի «Հայկական Համայնքային Կառոյցները Եգիպտոսի մէջ» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը ներկայացուց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան թէեւ հակիրճ, բայց շատ գեղեցիկ խօսքով մը, որ վեր հանեց տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի աշխատութեան կարեւորութիւնը:

Համագումարի երկու օրերուն ընթացքին սակաւաթիւ ներկաները մեծ հաճոյքով հետեւեցան զեկոյցներուն եւ լիացած հեռացան սրահէն:

Մ.Ե.