Թուրքիոյ մէջ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաժարականը պահանջող հասարակական շարժում սկսած է։ Էրտողանը կը ղեկավարէ նաեւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ-AKP):
Շարժման առիթ դարձած է կուսակցական ժողովի ժամանակ Էրտողանի ըրած հետեւեալ յայտարարութիւնը․ «Մեզի Իսթանպուլի քաղաքապետի, վարչապետի եւ հանրապետութեան նախագահի պաշտօններուն ժողովուրդը բերած է։ Եւ եթէ անոնք ըսեն «հերիք է»՝ մենք մէկ կողմ կը քաշուինք»։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ նախագահի այս յայտարարութիւնը «Twitter»-ի թուրք օգտատէրերու մէջ դարձած է ամենաառաջնային ու թէժ թեման:
Էրտողանի յայտարարութեան ի պատասխան «Հերիք է» կոչով եւ համապատասխան հեշթեգով արձանագրութիւններուն թիւը Մայիս 9-ի դրութեամբ հատած է 1 միլիոն 400․000-ի սահմանը։ Արշաւը տարածուած է նաեւ դիմատետրի մէջ, այլ սոցիալական հարթակներու եւ անգամ առցանց տիրոյթէն դուրս՝ վերածուելով երթերու եւ բողոքի ցոյցերու։
Արշաւին միացած օգտատէրերու շարքերուն մէջ են նորաստեղծ «İYİ» կուսակցութեան նախագահ, Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու Մերալ Աքշեները, քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (ԺԴԿ-HDP) նախագահի թեկնածու Սէլահէտտին Տէմիրթաշը, ԺԴԿ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր, նախագահի թեկնածու Մուհարրեմ Ինճեն, ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի թղթակից Օզկիւր Մումճուն եւ շարք մը այլ յայտնի անուններ։
Իշխող կուսակցութիւնը այդ արշաւը կասեցնելու համար հասարակական ցանցերու կեղծ հաշիւներէն տարածած է «Շարունակենք Էրտողանի հետ» հեշթեգով հրապարակումներ, որոնց թիւը կարճ ժամանակի մէջ հասած է 300․000-ի։ Սակայն «շարունակել» կոչով բոլոր արձանագրութիւնները մէկ օրուան մէջ հեռացուած են Twitter-ի տնօրէնութեան կողմէ։ Ինչպէս պարզուած է՝ անոնց հեռացման պատճառը եղած է հրապարակող հաշիւներու կեղծ ըլլալը։