Թրքական «Պէյազ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ բողոք ներկայացուած է Էտիրնէի արդարադատութեան պալատին մօտ:
Փայլանի դէմ բողոք ներկայացնողը թրքական «Մեծ Միութիւն» կուսակցութեան Էտիրնէի մասնաճիւղի ղեկավար Արիֆ Քէօրօղլուն է, որ հայազգի երեսփոխանը կը մեղադրէ ժողովուրդին մօտ քէն եւ ատելութիւն տարածելու համար:
«Թող թուրք ժողովուրդը իմանայ, որ մեծ ազգի կողմէ չիրականացուածը իրականութեան քողի տակ ներկայացնել փորձող այս անձին ոչ միայն երեսփոխանական լիազօրութենէ, այլ նաեւ քաղաքացիութենէն պիտի զրկենք», յայտարարած է Քէօրօղլու:
Յիշեցնենք, որ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն նախագիծի քննարկման ընթացքին խօսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները ընդհատած էին զինք` «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով եւ պոյքոթի ենթարկած անոր ելոյթը` սեղաններուն վրայ զարնելով: Փայլանը քննադատած են նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
«Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելուն համար Կարօ Փայլան պատժուած է` զրկուելով խորհրդարանի յառաջիկայ երեք նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն եւ անոր խօսքերը վերցուած են նիստի արձանագրութիւններէն: