Թուրք ոստիկանները ձերբակալած են ընդդիմադիր Համշէնահայ պլոկըրը

“Ախալցխա․նէթ” կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս ուշ գիշերով Համշէնի Խոփա քաղաքին մէջ Թուրքիոյ ոստիկանները ձերբակալած են ընկերային ցանցերու մէջ աշխոյժ գրառումներ կատարող համշէնահայ Նուրճան Վայիչ:

Նուրճան Վայիչ ընդդիմադիր հայեացքներով պլոկըր կին մըն է, որ միշտ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող գրառումներ կը կատարէր իր էջին վրայ։ Ան յաճախ իր գրութիւններով կը դատապարտէր Թուրքիոյ մէջ աճող ֆաշիզմի դրսեւորումները, որոնք վերջին շրջանին հալածանքի կոչեր կը հնչեցնէին համշէնի մէջ ապրող ժողովուրդի նկատմամբ:

Նուրճան Վայիչի ընկերները համոզուած են, որ կէս գիշերին տեղի ունեցած ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է կազմակերպուած դաւադրութեան մը հետեւանքով: