Իսթանպուլի մէջ գիրքի 36-րդ միջազգային տօնավաճառին ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքեր

Իսթանպուլի մէջ մեկնարկած Գիրքի 36-րդ միջազգային տօնավաճառի ծիրէն ներս թուրք եւ այլազգի ընթերցողին Հայոց Ցեղասպանութեան, հայկական մշակոյթի ու մեծանուն հայերու մասին պատմող գիրքերը նոյնպէս տեղ գտած են տարբեր մասնակիցներու տաղաւարներուն մէջ, կը հաղորդէ «Թերթ․am»-ը:

Հայկական թեմայով գիրքերը ներկայացուած են հայկական «Արաս», թրքական «Իլեթիշիմ» եւ «Պելկէ» հրատարակչութիւններու սեղաններուն:

Տօնավաճառին իր ոչ առեւտրական անկիւնը ներկայացուցած է նաեւ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ը:

Տօնավաճառը արդէն այցելած ու իր ընթերցողներուն հետ հանդիպում ունեցած է ժամանակակից պոլսահայ  գրող Մկրտիչ Մարկոսեան, կը սպասուին համշէնահայ գրող Մահիր Օզքանի եւ պոլսահայ Զաքարիա Միլտանօղլուի հետ հանդիպումներ:

Այս տարի տօնավաճառի օտարերկրացի հիւրերուն մէջ են Քոլոմպիայէն, Գերմանիայէն, Ռումինիայէն, Չինաստանէն, Ատրպէյճանէն, Իրանէն, Քաթարէն եւ այլ երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Յայտնի է, որ տօնավաճառը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 12: