Լիոնի նոր Քաղաքապետն է Ժորժ Գէորգ Քեփենեկեան

Յուլիս 17-ին Ֆրանսայի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Լիոնի քաղաքային խորհուրդը ընտրեց բժիշկ Ժորժ  Գէորգ Քեփենեկեանին որպէս Քաղաքապետ, փոխարինելով Ժէրար Քոլլոմպին, որ այդ օրերերուն Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ կը նշանակուէր նոր կառավարութեան Ներքին Գործոց Նախարարի պաշտօնին:

Քեփենեկեան խոշոր վաստակ ունեցած է Լիոնի մշակութային զարգացման գծով, եւ 2014-էն սկսեալ վարած է մշակութային հարցերու առաջին տեղակալի պաշտօնը, ու ապա՝ աշխատած է որպէս Լիոնի փոխ Քաղաքապետ, յատկապէս մշակոյթի մարզէն ներս եւ զարցացուցած է մշակութային քաղաքականութիւնը ու եղած է ղեկավար Լիոնի Գործադիր Իշխանութեան:

67-ամեայ Տոքթոր Քեփենեկեան յաճախ այցելած է Հայաստան եւ Արցախ ուր կատարած է բարդ վիրաբուժական գործողութիւններ: Ան ամուսնացած է եւ հայր է երեք զաւակներու: Ան գործնական գետնի վրայ օժանդակած է Լիոնի հայ համայնքին եւ անհատներու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն եւ Հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ:

Վերջերս, Քաղաքային Խորհուրդի 72 անդամները Քեփենեկեանը 49 ձայնով ընտրեցին քաղաքապետ: