Մենք արդէն տասը տարիէ ի վեր չենք կրնար մեզի համար պատրիարք ընտրել․ Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, խօսելով Պոլսոյ պատրիարքարանի շուրջ եղած զարգացումներուն վերաբերեալ, ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
«Ցաւօք սրտի, թրքական կառավարութիւնը տարիներ առաջ որոշեց պատրիարքի տեղապահ նշանակել Արամ Աթէշեանը: Բայց մենք ըսինք, որ կը ցանկանք ընտրել մեր պատրիարքը»- նշած է Փայլան` յիշատակելով, որ նախորդ տարի համայնքը որոշեց ընտրութիւններ կազմակերպել, եւ արդիւնքով Գարեգին Պէքճեանը ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ, որ պէտք է կազմակերպէր ընտրութիւնները:
Կարօ Փայլանի համոզմամբ` Արամ Աթէշեան եւ հայ համայնքէն շարք մը այլ մարդիկ կապուած են Թուրքիոյ կառավարութեան հետ եւ կրցած են կանգնեցնել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:
«Ցաւօք սրտի, երկու օր առաջ Արամ Աթէշեանը վերադարձաւ իր դիրքին. դարձաւ Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ»,- նշած է ան` աւելցնելով, որ իր կարծիքով` եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշում ընդունած էր, որ ընտրութեան գործընթացը պէտք է դադրեցուի, Արամ Աթէշեանն ու հայ համայնքի այլ դերակատարներ պէտք չէ համաձայնէին,- «Կառավարութենէն իշխանութիւն վերցնելով` կը դառնաս անոր պատանդը: Պէտք է վերցնես ուժ հայ համայնքէն: Պէտք է ընտրուիլ պատրիարք հայ համայնքի կողմէ եւ ուժ ստանալ համայնքէն»,- ըսած է ան:
Պոլսահայ պատգամաւորին խօսքով` Արամ Աթէշեան արդէն քանի մը տարիէ ոչ միայն թրքական կառավարութեան, այլ նաեւ ուժային կառոյցներու ձեռքն է: «Անոնք պիտի օգտագործեն զինք իրենց ցանկութիւնները իրականացնելու համար»,- շեշտած է Փայլան:
Հարցումին, թէ հայ համայնքի ինչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Պոլսոյ պատրիարքարանի շուրջ տեղի ունեցածը, Կարօ Փայլան պատասխանած է․
«Հայ համայնքը վախի մէջ կ՛ապրի` ստեղծուած մթնոլորտի արդիւնքով: Անոնց հաճելի չէ, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ պատրիարքարանին մէջ, սակայն ոչինչ կ՛ընեն, քանի որ իրենց ապագան Թուրքիոյ մէջ չեն տեսներ: Բայց հայ համայնքը պէտք է ուժ ստանայ պատրիարքարանէն, մենք կարիք ունինք աւելի կազմակերպուած ըլլալու: Այս իրավիճակը կրնայ քանդել համայնքը»,- ըսած է ան։