Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 8 պատգամաւորի նկատմամբ իրաւական գործընթաց սկսելու նպատակով պահանջագիր պատրաստած է: Պատգամաւորներուն մէջ է նաեւ Կարօ Փայլանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Կարօ Փայլանէն բացի, պահանջագրին մէջ ներառուած են պատգամաւորներ՝ Օսման Պայդեմիրի, Ալիջան Օնլուի, Ֆելեքնաս Ուջայի, Սիպել Յիղիթալփի, Նատիր Եըլդըրըմի, Տիլէք Օջալանի, Միզգին Ըրգաթի անունները: Անոնք կը մեղադրուին «թուրք ազգը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, կառավարութիւնը, պետութեան զինուորը կամ անվտանգութեան համակարգը հրապարակայնօրէն ծաղրելու», «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն ընելու», «քաղաքական կուսակցութիւններու կանոններուն հակառակ գործելու», «հանրապետութեան նախագահին վիրաւորելու» մէջ:
Կարօ Փայլանի դէմ նախապատրաստուած պահանջագրին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի, որ ան 2017 թուականի Մայիս 1-ին Գանատայի մէջ տուած հարցազրոյցի ընթանցքին իր արտայայտած մտքերով «հրապարակայնօրէն ծաղրած է թրքական ազգը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ կառավարութիւնը» ու «վիրաւորած հանրապետութեան նախագահը»:
Պահանջագիրներով, համաձայն երկրի սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածի, կը նախատեսուի պատգամաւորները զրկել անձեռնմխելիութենէ: Ատոնք խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուելու նպատակով ուղարկուած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութիւն ներկայացուելէ ետք՝ հարցը քննարկման կը դրուի յատուկ յանձնաժողովի մէջ, որու կազմին մէջ են խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան հարցերով յանձնաժողովներու անդամները: Յանձնաժողովը հարցը ուսումնասիրելէ ետք կը պատրաստէ համապատասխան զեկոյց, որ վերջնական քուէարկութեան կը դրուի խորհրդարանի նիստի ժամանակ:
Պատգամաւորները իրաւունք ունին ինչպէս յանձնաժողովի, այնպէս ալ խորհրդարանի նիստի ժամանակ հանդէս գալ պաշտպանական խօսքով: Անձեռնմխելիութենէ զրկուելու պարագային անոնք կրնան հարցը բողոքարկել Սահմանադրական դատարանի մէջ: