Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, քանի մը կուսակիցներու հետ, Սեպտեմբեր 7-ին սկսած է «Խիղճ եւ արդարութիւն» կարգախօսով բողոքի նստացոյցի մը՝ Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանի շէնքին մէջ:
Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրելով՝ Փայլան յայտնած է, որ այս քայլին կը դիմեն՝ իր կուսակիցներուն, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի ապօրինի բանտարկութեան դէմ բողոքելու նպատակով: Նստացոյցին մասնակիցները կը պահանջեն ազատ արձակել իրենց կուսակից ընկերները:
Նստացոյցը սկսած խումբը հանդիպում խնդրած է Սահմանադրական ատեանի նախագահին հետ, սակայն դիմումը մերժուած է: