Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի (մեճլիս-TBMM) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ու իր ընկերները խորհրդարանէն պահանջած են ուսումնասիրութիւն իրականացնել օսմանեան խորհրդարանի հայ պատգամաւորներու մահուան հանգամանքներուն վերաբերեալ:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Internethaber.com» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, որ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն»-ը (ԺԺԿ-HDP) այս նպատակով յատուկ դիմում-առաջարկ ուղղած է խորհրդարանի ղեկավարութեան:
Փայլանի եւ անոր կուսակցակիցներուն ստորագրութեամբ ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ 1908-1915 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին մէջ գործած են 7 հայ պատգամաւորներ: Օսմանահպատակ հայերու այդ ներկայացուցիչները` Գրիգոր Զոհրապը, Վարդգէս Սերենգիւլեանը, Նազարէթ Տաղաւարեանը, Կարապետ Փաշայեանը, Օննիկ Դերձակեանը, Ստեփան Հրաչեանը եւ Համբարձում Պոյաճեանը Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած են տարբեր հագամանքներու մէջ:
«Պոյաճեանը մահապատիժի ենթարկուած է, իսկ միւս պատգամաւորները 1915 Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն ձերբակալուած են, ապա սպաննուած տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ: Մենք կը ցանկանանք, որ խորհրդարանական հետաքննութիւն սկսի` պարզելու համար, թէ անոնք ինչպէս եւ որուն հրամանով սպաննուած են, որոշելու համար, թէ ուր կը գտնուին հիմա անոնց մասունքները, որպէսզի այդ մասունքները թաղուին ըստ պատշաճ կարգի եւ վերականգնուի այս խորհրդարանին մէջ գործունէութիւն ծաւալած պատգամաւորներուն պատիւը»,- ըսուած է դիմում-առաջարկին մէջ: