Հայու արիւնը ապացուցող շտեմարանը կրնայ քաղաքական ռումբ դառնալ թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ բնակչութեան ծագման մասին տուեալներու շտեմարանը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է հասարակութեան մէջ: Շատերը իրենց համար անսպասելի պարզած են, որ իրենց երակներուն մէջ հայու արիւն կը հոսի:

Թուրքիոյ բնակչութեան մասին տուեալներու ծննդաբանական շտեմարանը, որ համացանցի մէջ հրապարակուած է Փետրուարի կէսերուն, արդէն աւելի քան 8 միլիոն մարդ դիտած է:

Որոնք դիտած են եւ ինչո՞ւ: Զուիցերական SRF ռատիոկայանի եթերով այս հարցերուն պատասխանած է Պոլսոյ մէջ Neue Zurich Zeitung զուիցերական թերթի թղթակից Մարքօ Քաուֆման: «Սփութնիք»-ը կը ներկայացնէ հաղորդման հիմնական մասի թարգմանութիւնը:

-Այդ տուեալներու շտեմարանը ցոյց կու տայ, որ թուրքերէն շատերուն նախնիները քրտական, յունական, հայկական եւ հրէական արմատներ ունին: Նման տուեալները չեն խարխլե՞ր հասարակութեան հիմքերը:

– Կը խարխլեն, որովհետեւ ազգային եւ կրօնական արմատներու հարցը շատ նուրբ թեմա է Թուրքիոյ մէջ: Ընտանիքներու մէջ տասնամեակներ շարունակ կը լռեն այդ մասին: Ոմանք միայն մահուան շեմին կ՛ըսեն, որ իրենք, օրինակ, հայկական արմատներ ունեցած են: Վերջին 10 տարուան մէջ մարդիկ սկսած են զգուշութեամբ ետ նայելու: Բայց 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ: Թուրքիան ազգայնամոլութեան կողմ շրջեցաւ: Խտրականութիւններ միշտ եղած են: Հայկական թերթերէն մէկը քանի մը տարի առաջ գրած էր, որ յոյները՝ բնակչութեան թրքական գրանցամատեանին մէջ՝ կը նշուին 1 թիւով, հայերը` 2, հրէաները` 3: Անոնք չէին կրնար կարեւոր պաշտօններ զբաղեցնել վարչակազմին մէջ: Առայժմ պարզ չէ, թէ որքանով այդ փորձը կը կիրառուի նաեւ այսօր:

– իսկ էրտողանական Թուրքիոյ մէջ որո՞նց իսկական թուրք կը համարեն:

– Անոնց, որոնք սուննիներ են եւ թրքերէն կը խօսին: Հայերը, քիւրտերը, ալեւիներն ու միւս փոքրամասնութիւնները կասկածի տակ են` որպէս արտաքին ուժերու գործակալներ:

Ազգայնամոլները արդէն աւելի աշխուժացած են ընկերային ցանցերու մէջ եւ ոչ միայն այնտեղ: Դեռ արխիւները բացելէն առաջ յաճախակի դարձած են ալեւիներու կազմակերպութիւններու վրայ յարձակումները:

Երիտասարդ սերունդին մէջ հետաքրքրութիւն կ՛առաջանայ, թէ որոնք եղած են իրենց նախնիները: Կ՛աւելնան նաեւ գործնական դատողութիւնները. ով յունական արմատներ ունի, ան եւրոպական անձնագիր ստանալու հնարաւորութիւն ունի:

Էթնիկ ու կրօնական պատկանելութիւնը ցաւոտ հարց է Թուրքիոյ համար, եւ եթէ թուրքերուն մեծ մասի նախնիները հայեր, յոյներ ու քիւրտեր եղած են, ապա տուեալներու շտեմարանը կրնայ քաղաքական ռումբ դառնալ: