Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պարիսպին վրայ ազգայնական գրութիւն գրած են ու աղբի կոյտով փակած եկեղեցւոյ մուտքը

Պոլսոյ ասիական հատուածին վրայ գտնուող Քատըքէոյ շրջանի հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցին անցեալ գիշեր յարձակման ենթարկուած է անյայտ անձերու կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Պոլսոյ իր աղբիւրը։

«Էրզրումցի 25» անունով գրութիւնը ձգած անձը՝ եկեղեցւոյ պարիսպին վրայ թրքերէնով գրած է․ «Այս հայրենիքը մերն է»։

Անյայտ անձերու խումբը նաեւ մեծ քանակով աղբ լեցուցած է եկեղեցւոյ բակը՝ փակելով անոր մուտքը։

Քատըքէոյի տեղական ինքնակառավարման մարմինը, ոստիկանութիւնը կամ հայկական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները դէպքին առիթով յայտարարութեամբ հանդէս չեն եկած տակաւին։