Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Թոսպաղայ փողոցը վերանուանուած է պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի անունով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»–ը, Իսթանպուլի քաղաքային խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած է Թոսպաղայ փողոցը անուանել Արա Կիւլերի անունով:
Արա Կիւլեր երկար ժամանակ ապրած է Թոսպաղայ փողոցին մէջ: Նոյն փողոցին մէջ կը գտնուի նաեւ Արա Կիւլերի արուեստանոցը:
Նշենք, որ «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» ճանչցուած Արա Կիւլեր, որ կ՛անուանի նաեւ «Իսթամպուլի աչք», ծնած է 1928-ին: 1950-ին սկսած է լրագրողական գործունէութիւնը Yeni İstanbul պարբերականին մէջ:
Արա Կիւլերը ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ տիտղոսներ թէ՜ Թուրքիոյ եւ թէ՜ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ: