Զի ի նմա հաճեցաւ ամենայն լրումն
Աստուածութեանն բնակել.
Եւ նովաւ հաշտեցուցանել զամենայն ի նոյն
(Կողոսացիս, 1.19)
Գոհութիւն Ամենակալին Աստուծոյ, որ Ամանորին յաջորդող այս օրերուն դարձեալ կ՚արժանանանք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը տօնելու, լիցքաւորուած՝ հոգեւոր ուրախութեամբ։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին յատկապէս կը յիշենք մարդկային կեանքի համար յոյժ կարեւոր ու անկրկնելի պատմական իրողութեան մը իրականացումը, առանց որուն՝ մեղաւոր մարդը պիտի շարունակէր մնալ մեղքի խաւարին մէջ։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Փառք Աստուծոյ, որ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Աւելի քան երկուհազար տարիէ ի վեր հաւատացեալներ բոլորով սրտիւ կ՚երգեն Աստուծոյ փառքը եւ կը վերանորոգուին հրեշտակաւանդ փառատրականի բառերով. «Փա՜ռք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ ու հաշտութիւն՝ մարդոց մէջ» (Ղուկաս, 1.14)։
Աստուածայայտնութեան սքանչելի խորհուրդի իմաստին ճշմարտապէս հաղորդ դառնալ, կը նշանակէ դուրս գալ խաւարէն ու յուսալքուած վիճակէն։ Աստուածայայտնութիւնը արդիւնքն է Աստուծոյ անսահման ողորմութեան։ Մարդը, որ հրապուրուելով չարութեան արմատին ներկայացուցած շլացուցիչ տեսարանէն, ըմբոստացած էր Աստուծոյ կամքին դէմ, խզելով սրբակենցաղ վարքի կապը։ Այդ խզման իբր արդիւնք լսուեցաւ Աստուծոյ յանդիմանութիւնը, որուն հետեւեցաւ՝ արտաքսումը եւ մահուան անէծքը։ Սկսեալ մեր նախածնողքէն, մարդը երբ աշխարհի նեղութիւններուն, տառապանքներուն եւ կեանքի ալեկոծութիւններուն հետ դէմ յանդիման եկաւ, բնականաբար զգաց իր անզօրութիւնը, տկարութիւնը եւ այդ զգացումը յաճախ առիթ ընծայեց մտածելու իր մատնուած կեանքի դժբախտութիւններու պատճառներուն մասին։ Սակայն երբ երեւոյթը այս էր երկրի վրայ, երկնքի մէջ կը մշակուէր փրկութեան ծրագիր մը։ Մեր Երկնաւոր Հայրը, Արարիչը՝ երկինքի եւ երկրի՝ որ կը հետեւի մարդուն իւրաքանչիւր քայլափոխին, ի տես անոր մատնուած խեղճութեան, անսահման ողորմութեամբը կ՚որոշէ զայն փրկել անկեալ վիճակէն ու իրեն ընծայել՝ փրկութեան սքանչելի առիթ մը։
Անսկիզբ եւ անվախճան Աստուած, Սուրբ Գիրքին մէջ մեզի կը ներկայանայ Արարչագործական կատարելութեամբ, որով ամէն ինչ բարի ստեղծը-ւած է։ Աստուած ոչ միայն ստեղծած է, այլ նաեւ իր ստեղծածները՝ նախախնամած։ Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ Աստ-ւած Իր արարածները կը շարունակէ նախախնամել։ Ուստի տարօրինակ չէ, որ Իր պատկերին նմանութեամբը ստեղծած մարդը փրկելու համար մշակած ըլլայ կատարեալ ծրագիր մը։ Ահաւասիկ Աստուծոյ անսահման ողորմութիւնը կը յայտնուի այս կէտին։ Հօր Աստուծոյ մշակած կատարեալ փրկութեան ծրագրին գագաթնակէտին վրայ կը բազմի Քրիստոս, Իր Միածին Որդին։ Ան մարմին առած Աստուծոյ Խօսքն է։ Տարբեր է այն բոլոր սրբակենցաղ անձնաւորութիւններէն, որոնք որպէս մասնակիցները Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին, դարերու ընթացքին մարդու կեանքի երկնակամարէն եկան ու անցան, իւրաքանչիւրը իրեն վստահուած առաքելութիւնը ի կատար ածելով։ Պօղոս Առաքեալ կու գայ մեզի ուսուցանել, թէ «Քրիստոս պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ… անով ստեղծուեցաւ ամէն բան… ամէն ինչ անով ու անոր հա-մար ստեղծուեցաւ։ Աստուածութեան լրիւ ամբողջութիւնը անոր մէջ հաճեցաւ բնակիլ եւ հաշտեցնել ամէն բան անով» (Կողոսացիս, 1.15-19)։ Երանի անոնց, որոնք արժեւորելով փրկութեան աւետիսը դուրս եկան մարդակուլ խաւարէն, ձերբազատուելով՝ մեղքի կապանքներէն։
Սուրբ Գիրքէն որքան քաղցր կը հնչէ հաշտութիւն բառը։ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ յառաջացած կապի խզումը անհանգստացուցած էր զԱստուած եւ ի՜նչ մեծութիւն. Աստուած է որ կը փափաքի անկեալ մարդուն փրկութիւնը եւ այդ փափաքով կը բանայ հաշտութեան ճանապարհը։ Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մըն է Աստուածորդւոյն յայտնութիւնը։ Նոյնքան սքանչելի խորհուրդ մըն է տեսնել, թէ Աստուած նախաձեռնարկ կ՚ըլլայ հաշտութեան ճանապարհը հարթելու։ Մտածենք եւ հաւատքով ջանանք Հօր Աստուծոյ մեծ ողորմութիւնը ըմբռնել, մանաւանդ բաղդատելով մեր առօրեայ կեանքը, ուր յաճախ անպատասխանի կը մնան յանցաւոր կողմէ եղած հաշտութեան խընդ-րանքները։ Աստուծոյ այս խնամատար ու սիրազեղ կեցուածքը որպէսզի անպատասխանի չմնայ, Շարակնոցի բառերով խոստովանինք թէ՝ «Այս կեանքի ծովը շարունակ կ՚ալեկոծէ մեզ. Թշնամին մրրկած ալիքներ կը յարուցանէ մեզի» եւ մենք կարիքը ունինք «Բարի նաւապետին, որ ապաւէն ըլլայ մեր անձերուն»։ Բարի նաւապետն է Քրիստոս, որուն առջեւ կ՚արտասանենք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի բառերը, այն հաւատքով, որ անոնք բոլորիս համար ըլլան «Ի խորոց սրտի, խօսք ընդ Աստուծոյ». «…Աստուածս եւ թագաւորս, կեանքս եւ ապաւէնս, յոյսս եւ վստահութիւնս, Յիսուս Քրիստոս, ամենուն Աստուածը, ով սուրբերուն հոգիին մէջ հանգչող Սուրբ, վիշտերու մխիթարութիւն եւ մեղաւորներուն քաւարան» (Մատեան Ողբերգութեան, Բան ՂԳ)։ Այս բառերով յայտնենք մեր փարումը Բեթղեհէմի Մանկան՝ որ է «Ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» եւ «Առաջնորդը՝ Երկնաւոր Հօր քովը երթալու» (Յովհաննէս, 14.6). Անոր՝ որ «Մարմնացեալ Բանն է, բնակած՝ մեր մէջ» (Յովհաննէս, 1.13)։ Շարունակենք մնալ նոյն հաւատքին մէջ, թէ «մենք ամէնքս Անոր լիութենէն ստացանք շնորհ՝ շնորհի փոխարէն. որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցով, իսկ շնորհն ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եղան» (Յովհաննէս, 1.16)։
Աստուածայայտնութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել հանգստեան կոչուած՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ հաւատացեալներ ինչպէս միշտ, այս առիթով եւս պիտի աղօթակցին մեզի։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը, առիթ մը ըլլայ խոնարհելու Աստուծոյ հզօր կամքին առջեւ եւ անդրադառնալու՝ Աստուծոյ անսահման սիրոյն մէջ առատանալու կարեւորութեան։ Հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լցուած ողջունենք զիրար ըսելով.
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.
Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Հոգեւորական դասու անդամները, սրբազան եպիսկոպոսնները ու միաբան հայրերը, քահանայից դասը, Գալֆայեան Ուխտի քոյրը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, բժշկապետութիւնը, բժշկաց դասն ու բոյժ-քոյրերը, համայնքային հաստատութեանց խնամակալութիւնները, թաղային խորհուրդները, տիկնանց յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու հիմնադիրները, տնօրէնները, հոգաբարձութիւնները, ուսուցչաց դասը, աղքատախնամ մարմինները, սանուց միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, հայ մամլոյ խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի հայ համայնքի անդամները։
Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Աստուածայայտնութեան տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ
«Հայ Ձայն»