Հինգշաբթի՝ 10 Մայիս 2018-ին, նշուեցաւ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով համայնքը մէկտեղուեցաւ Գթութեան յարկի շրջափակին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։
Առաւօտեան Ս. Փրկիչ մատրան մէջ Ս. պատարագ մատուցանեց Տրդատ քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դպրաց Դասու անդամները, առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կիւլպէնկեան գերդաստանի անդամներու շիրիմներուն մօտ։ Երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. Փրկիչ մատրան ընդարձակ տարածքին վրայ Անդաստանի արարողութիւն կատարուեցաւ։ Արամ սրբազանի նախագահութեամբ։ Հոգեւորականաց ամբողջ դասը մասնակցեցաւ այս արարողութեան, սարկաւագաց դասը՝ ներառեալ։
Ներկայ էին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ հոգաբարձուները, բժշ-կապետը, բարերարները, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ։
Ներկաները Արամ սրբազանի, Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հոգաբարձութեան եւ հոգեւորականներու հետ բարձրացան Փիլօ Աթանի անուան բացուած յարկաբաժինը։ Արամ սրբազան ու Պետրոս Շիրինօղլու միասնաբար կտրեցին խորհրդանշական ժապաւէնը։ Նորահաստատ այս բաժինը հիմնուած է արտաքին հիւանդութիւններու համար։ Ունի տասը սենեակներ, բոլորն ալ շատ լաւ կահաւորուած։ Պետրոս Շիրինօղլու այս առիթով շեշտեց, որ մօտ օրէն Սեդրակ Թոքատի ու Հայկ Ասլանեանի անուններով հիմնուած մասնաբաժիններ ալ պիտի բացուին, անմահացնելով այս բարերարներու եւ հիւանդանոցի ծառայողներու անունը։
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան պարտէզի հաւաքավայր, ուր սեղաններ պատրաստուած էին։ Հիւրերը կը դիմաւորուէին նուագածուներու երաժշտութեամբ։ Համայնքի գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները, բարերարներ, Սեւ Ծովեան Տնտեսական կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչները, գրաւեցին իրենց տեղերը։ Սիրոյ սեղաններուն հանդիսապետեց Արամ սրբազան, իր շուրջ ունենալով բարերարներ եւ հոգաբարձուներ։
Բեմ եկաւ հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի եւ հանգստատուներու պատասխանատու Սիլվա Թրիքա, որ ներկաները ողջունելէ ետք խօսափողը յանձնեց ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Ատենապետը յիշեցուց, որ հիւանդանոցը այս տարի 186րդ անգամ կը տօնէ իր տարեդարձը. ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Փիլօ Աթանի անունով յարկաբաժին մը բացուեցաւ։ Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ կ՛ուզեն հիւանդանոցին մէջ անկողիններու թիւը բարձրացնել 200ի, որպէսզի յետագային բարդութիւններ չստեղծուին, քանի որ այսուհետեւ մեծ հիւանդանոցներն են որ ի պատուի պիտի ըլլան, փոքր հիւանդանոցներն ալ փոլիքլինիքի հանգամանք պիտի ունենան։ Ատենապետը ապա թուեց այն իրագործումները, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին իրականացան հիւանդանոցի երդիքին տակ, նորութիւններու, զարգացումներու եւ բարեզարդումներու հիման վրայ։ Թուային տուեալներ ներկայացնելով տուաւ բացատրութիւնները՝ հատուցումներու եւ այլ ծախսերու մասին։ Ան շեշտեց, որ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը աշխարհի ամենամեծ հայկական հաստատութիւնն է։ Նիւթական կարելիութիւններէ զուրկ անձերու հարկաւոր օժանդակութիւնը կը կատարուի։ Ծերանոցներու մէջ ամէն մէկ բնակիչի համար ամսական հազար տոլարի ծախս կ՛ըլլայ։ Պետրոս Շիրինօղլու աւելցուց, որ անցեալ տարի հիւանդանոցը ունէր 65 միլիոն անձեռնմխելի գումար, հիմա այդ գումարը բարձրացած է 70 միլիոն թրքական լիրայի։
Փակման խօսքը արտասանեց Արամ սրբազան, որուն բնաբանն էր կեանքի ընթացքին մարդ արարածին, ընկերութեան շահեցուցած նպաստը։