Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արարողակարգային Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատունը

Յունաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը, արարողակարգային պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ, Հայաստանի դեսպանատուն շնորհաւորելու նոր նշանակուած դեսպան յարգարժան պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեանը:

Ռ.Ա.Կ.-ի կողմէ յայտնուեցաւ մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները եւ բարի յաջողութիւններ մաղթուեցաւ իր դիւանագիտական գործունէութեան շրջանին օգտաշատ ծրագիրներու նուաճումներուն, ի նպաստ Հայաստանի եւ Յունաստանի, եւ ամէն մարզի մէջ՝ եղբայրական եւ պատմական յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Յարգելի դեսպանը՝ ընդհանուր տեղեկութիւններ հաղորդեց՝ Հայաստանի ընդհանուր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու շուրջ, միշտ լաւատեսութեամբ եւ հաւատալով հաստատեց որ բոլոր հարցերը եւ դժուարութիւնները յաղթահարելի պիտի ըլլան ժամանակի թաւալումին ընթացքին:

Արտայայտուեցաւ նաեւ դժուարին մարտահրաւէրներուն մասին՝ ըլլան անոնք դիւանագիտական կամ ընկերային եւ յատկապէս Արցախի պարագային, ուր բանակցութիւնները կ’ընթանան՝ հակառակ ազերիներու օրինազանցութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն, հաստատելով որ ժամանակը պիտի լուծէ այս հարցերը:

Կեդրոնացաւ նաեւ սփիւռքի կատարած հայրենասիրական նուիրեալ աշխատանքներուն մասին եւ վճռական հաստատումներ կատարեց համագործակցութեան, համերաշխութեան եւ միասնականութեան մասին:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Հայաստան պէտք ունի խաղաղութեան որպէսզի կարենայ հայրենի պետութիւնը լուծել իր դիմագրաւած հարցերը, որովհետեւ որեւէ օրինազանցութիւն կամ ներքին խռովութիւն կրնայ խանգարել Հայաստանի ներքին կեանքը, կրնայ անհաճոյ տպաւորութիւն ձգել արտաշխարհի վրայ:

Մենք մեր կողմէ նաեւ՝ հաստատեցինք որ պէտք է զգուշանալ՝ քաղաքական որեւէ ներքին սայթաքումներէ եւ փորձութիւններէ եւ հայրենի ժողովուրդին խաղաղութիւնը վտանգող փորձերը: Որովհետեւ մեր թշնամիները առիթի կը սպասեն որպէսզի, իրենց յաւելեալ նիւթական կարելիութիւններուն շնորհիւ, կարենան վնասել մեր ժողովուրդին՝ մեր հայրենիքին, մեր Արցախի լուծման հարցին եւ մեր ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան հարցին:

Որովհետեւ մենք շատ լաւ գիտակից ենք որ, Միջին Արեւելքի կացութիւնը տեսնելով՝ արտաշխարհի շրջանակներ եւ իրենց գործակալները, ոսպնիակով կը դիտեն եւ կը հետեւին, որպէսզի կարենան ամենադոյզն առիթը օգտագործելով՝ խռովեն եւ վնասեն եւ նոյնիսկ քանդեն ինչ որ կանգուն եւ գեղեցիկ է մեր չքնաղ հայրենիքին մէջ:

Մենք մեր կողմէ հաստատեցինք նաեւ որ մեր կուսակցութիւնը՝ աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր եղած է ու կը մնայ հայրենիքի կողքին, առանց նկատի ունենալով վարչական կարգերը եւ կը մնայ հաւատարիմ իր հաւատամքին մէջ, Ռ.Ա.Կ. կոչելով՝

«Հայ ժողովուրդէն իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար» Կարգախօսով:

Մեր այցելութիւնը դեսպանատուն՝ մտերիմ սրտբաց հայկական անաղարտ ոգին տիրող մթնոլորտի մէջ հանդիպում մըն էր: Անկեղծ զգացումներով՝ անկեղծ արտայայտութիւններով՝ մտքերու փոխանակում մըն էր, ուր կը տիրէր ողջմտութիւնը եւ հայրենասիրական դիրքորոշումները, հանդէպ մեր պետականութեան, մեր ժողովուրդին, մեր Արցախին, մեր անժամանցելի դատի իրաւունքներուն եւ հատուցման, մեր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Վեհապետութեան նմանապէս մեր յարանուանութիւններուն եւ հայրենի կառավարութեան քաղաքական եւ տնտեսական դժուարին պայմաններուն շուրջ:

Յարգելի դեսպանը, պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեանը, շատ յստակ էր, իր մտածումներուն եւ հայրենի կառավարութեան՝ դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ համազգային համերաշխութեան եւ միասնական գործունէութեան տեսակէտին մէջ:

Ան շեշտեց նաեւ որ հայոց դեսպանատունը՝ բոլոր հայութեան տունն է անխտիր եւ դռները բաց են բոլորին համար եւ դեսպանատունը պատրաստ է լսելու եւ օժանդակելու որեւէ ազգային կառուցողական նպատակ, ի փառս հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Հ.Հ.

Աթէնք 21/9/2016