Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ բացուած դատը, որ անվերջանալի կը թուի ըլլալ, վերջերս շարունակուեցաւ ու այս անգամ կարեւոր զարգացում մը արձանագրեց։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։
Դատախազութիւնը ամբաստանագիր մը պատրաստեց Օրտուի փոխկուսակալ եւ նախորդ շրջանի պետական աւագ քննիչ Մեհմետ Ալի Էօզքըլընճի դէմ՝ պնդելով, որ ան դիտումնաւոր կերպով պահած է այդ տեղեկագիրները, ուր նշուած էր, թէ Հրանդ Տինք անպայմա՛ն պէտք է սպաննուի։
Դատախազութիւնը կը պնդէ, որ Էօզքըլընճ այս կերպով նաեւ նպաստած է այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան, հակառակ անոր որ փաստեր չկան, թէ ինք այդ կազմակերպութեան անդամ է։
Ուստի, դատախազութիւնը 7.5էն մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան պատիժ կը պահանջէ Էօզքըլընճի համար։