Կաթողիկէ պատարագ Փարիզի Նոթր-տամի կամարներուն տակ

Կիրակի` Ապրիլ 26-ին, Փա­րիզի Նոթր-Տամ մայր տա­ճարը լե­ցուն էր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հարիւ­րա­մեակի պա­տարա­գին ներ­կայ գտնուելու հա­մար փու­թա­ցած բազ­մութեամբ։ Բո­լորին մտքին մէջ էր Պա­պին Ապ­րիլ 12-ի պատ­մա­կան քա­րոզը Վա­տիկա­նի Ս. Պետ­րոս եկե­ղեց­ւոյ մէջ։
Փա­րիզա­հայու­թիւնը դարձեալ, առանց դա­ւանան­քի խտրու­թեան, եկած էր միաս­նա­բար ներկայ գտնուելու կա­թողի­կէ ժո­ղովրդա­պետ Հայր Յով­հաննէս Թէյ­րուզեանի քա­հանա­յի կողմէ կա­տարուած արա­րողու­թեան։ Ներ­կայ էին առա­քելա­կան եւ աւե­տարա­նական եկեղեցի­ներու առաջ­նորդնե­րը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան դես­պա­նը, նահանգային խորհուրդի նախագահ՝ Փաթ­րիք Տէ­վէճեան եւ հա­մայան­քի ղե­կավար­ներ։
Այս պա­տարա­գին նա­խագա­հ եւ Փա­րիզի կա­թողի­կէ առաջ­նորդ, կար­դի­նալ Անտրէ Վէնթթրուա՝ օրուան գլխաւոր քարոզիչն էր: Ան իր խօս­քը կեդ­րո­նացուց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­լածան­քէն փրկուած Հա­յու­թեան վրայ, որուն իբր զու­գա­հեռ բե­րաւ Յի­սու­սի Յա­րու­թենէն ետք, անոր աշա­կերտնե­րուն դէմ ծա­ւալած հա­լածանքնե­րը, որոնց պատ­ճա­ռով անոնք ցրուեցան աշ­խարհի չորս ծա­գերը եւ տա­րածե­ցին Քրիս­տո­սի վար­դա­պետու­թիւնը։ Պատարագը աւար­տե­ցաւ «Այ­սօր յա­րեաւ ի մե­ռելոց» շա­րակա­նի հմա­յիչ եր­գե­ցողութեամբ։

«Նոր Յառաջ»