Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անդրադարձ` թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նախագահական պալատին մէջ գումարուած է ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նիստ, որ տեւած է 7 ժամ: Նախագահականի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն` նախօրէին կայացած նիստի օրակարգին վրայ եղած է կիւլենական ուժերու հարցը: «Զուգահեռ պետութիւն» անուանուող կիւլենական համայնքը դիտուած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիք եւ ներառուած «կարմիր գիրք»-ի վտանգներու ցանկին մէջ: ԱԱԽ-ը այդ հարցին վերաբերեալ կազմած է կառավարութեան համար նախատեսուած առաջարկներու փաթեթ:
Նիստի աւարտին ընդունուած է յայտարարութիւն, ուր անդրադարձ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին` ձեւակերպուած որպէս 1915-ի իրադարձութիւններ: Աղբիւրին համաձայն` յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակող երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կայացուած որոշումները հեռու են պատմական իրողութիւններէն եւ կը հետապնդեն քաղաքական շահեր: Հետեւաբար նման որոշումները Անգարայի համար իրաւականօրէն առ ոչինչ են: