Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով՝ Անթալիայի նահանգապետ Ֆաթմա Քայաօղլուն հրապարակած է գրաւոր յայտարարութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Birgun» թերթը։
«Հրանդ Տինքի սպանութենէն անցաւ 11 տարի: Մեր եղբայրը ո՛չ միայն հայ էր, այլեւ՝ քիւրտ, թուրք, լազ, պոսնիացի, վրացի, ասորի, արաբ, քրիստոնեայ, մահմետական, եզիտի, ալեւի: Ան կը կրէր ժողովուրդներու համերաշխութեան համընդհանուր բարութիւնը»,- գրած է Քայաօղլուն:
Նահանգապետը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական դրսեւորումները յաճախ կը հանդիսանան օրինական երեւոյթ, իսկ ֆաշիստական յարձակումները կ՝որակուին իբրեւ «ժողովուրդի բնական արձագանգ»: Եւ ահա այդ ազգայնականութեան զոհը դարձաւ Տինքը:
«11 տարի է արդարութիւն եւ խիղճ կը փնտռենք, բայց չենք գտներ: 11 տարի է կը դիմենք դատաիրաւական համակարգին, կառավարութեան, խորհրդարանին, սակայն արդիւնք չկայ: 11 տարի է մենք փողոցի վրայ կը խօսինք ա՛յն մարդասպաններուն մասին, որոնք կանգնած են սպանութեան ետին, սակայն անոնք մեզի չեն լսեր: Հրանդը սպանողներուն եւ վերջիններուս աջակիցներուն մէկ անգամ եւս կը յիշեցնենք. Դուք այլեւս չէք կրնար իրականացնել նման սպանութիւն: Այս հողերուն մէջ դեռ կ՝ապրին Հրանդներ եւ անշուշտ պիտի շարունակեն ապրիլ»,- ըսած է Անթալիայի նահանգապետը:
Յիշեցնենք, որ Տինքը սպաննուած էր 2007 Յունուար 19-ին: 2012-ին, դատարանի որոշումով` Դինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկٳթեան դատապարտուեցաւ, իսկ սպանութիւնը իրականացուցած Օկիւն Սամասթը դատապարտուեցաւ 22 տարուան ազատազրկման: 2014-ին Սթամպուլի ծանր յանցանքներու դատարանը որոշում կայացուց Տինքի սպանութեան գործը վերստին քննելու: