Աւագ սպայ, հազարապետ Սարգիս Ստեփանեան Լեհաստանի մէջ կայացած հաշմանդամութիւն ունեցողներու բազկամարտի աշխարհի գաւաթի ախոյեանութենէն վերադարձած է 2 ոսկեայ եւ մէկ արծաթէ մետալով:
Սարգիս Ստեփանեան 2014 թուականի Օգոստոսին Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ մարտական գործողութիւններու ժամանակ զինակից ընկերը փրկելու ընթացքին վիրաւորուած եւ կորսնցուցած է աջ ձեռքն ու ոտքերը: Մինչ այդ ան զբաղած է ծանրամարտով։
«Հաշմանդամութիւն ունեցող մարդ ըլլաս թէ ոչ, ամենակարեւորը ցանկութիւնն է, ձգտումն է, նպատակն է, հաւատքը: Եթէ կը հաւատաս ուժերուդ, եթէ դուն նպատակասլաց ես, քու առջեւ կը դնես ինչ-որ խնդիր, կը հասնիս»,- «Ազատութեան» ըսած է աշխարհի ախոյեանը: Անոր խօսքով` յաղթանակի հասնելու համար նպաստած են ոչ միայն 2,5 տարուան դժուարին մարզումները, այլեւ միշտ իր կողքին կանգնած մարդիկ. «Յատկապէս շնորհակալ եմ իմ մարզիչին եւ իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ «Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին»: Անոնց բարձր հովանիին ներքոյ կրցանք մասնակցիլ աշխարհի գաւաթի ախոյեանութեան եւ յաղթած վերդարձանք Հայաստան»:
Սարգիս Ստեփանեանի մարզիչին` Արտաւազդ Նալբանդեանի խօսքով, սա բազկամարտի ամենակարեւոր ախոյեանութիւնն է, ուր հազարապետ Ստեփանեանը ոչ միայն իր կշիռի կարգին մէջ ախոյեան դարձաւ, այլ ուրիշ կարգի մէջ ալ: Իսկ բացարձակ կշիռի կարգին մէջ արծաթ նուաճեց: «Քիչ է, եթէ ըսեմ մեր նպատակին հասանք, որովհետեւ մենք գերակատարեցինք»,- ըսած է մարզիչը:
Մրցակիցները ուժեղ էին, սակայն անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ հրաժարուած են հայ մարզիկին հետ մրցելէ: «Իմաստ չէին գտներ երեւի»,- ըսած է ախոյեանը:
Որդիին յաղթանակներէն յուզուած հայրը` ղարաբաղեան պատերազմի վեթերան Վանիկ Ստեփանեանը կը զարմանայ. «Մէկ ձեռքով մարդ երեք մետալ բերէ՞, ատկէ այն կողմ ես ոչինչ կը տեսնեմ իսկական մարզիկի համար»: «Ե՞րբ ծնողքը երջանիկ կ՛ըլլայ, երբ տեսնէ, որ իր երեխան 10 քայլ, 100 քայլ իրմէ առաջ կ՛անցնի»,- յայտնած է հայրը:
Սարգիս Ստեփանեանի երկու որդիները եւս որոշած են շարունակել անոր գործը։