Բագրատ Էսդուգեան. «Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու հարցով սադրանքներու թնջուկ կայ»

Իսթանպուլի նահանգապետարանին մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան իրականանման հարցի քննարկումը արդիւնք չէ տուած, աւելին` խնդիրը աւելի խճճուած է:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին  «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան յայտնած է, որ Հոկտեմբեր 24-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի ընտրութիւններու հարցի քննարկման համար պատուիրակութիւն գացած է նահանգապետարան, հանդիպած նահանգապետին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

«Այդտեղ, ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, նահանգապետը ըսած է, որ չի ճանչնար Գարեգին արք․ Պեքճեանի` պատրիարքական տեղապահ ընտրուելու փաստը: Առաջարկուած է 2 հոգեւորական` Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանն եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը՝ միասնաբար այս գործընթացին սկիզբէն սկսելու : Առաջարկուած է, որ մէկը տեղապահ ըլլայ, միւսը մնայ փոխանորդ, բայց ատիկա մեր կարգ ու կանոնին յարմար չէ եւ հոգեւոր համայնքին կողմէ ընդունելի չէ»,-ըսած է Էսդուգեան:

Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը հանդիպման ներկայ չէ եղած, ան այս օրերուն Գերմանիա է: Էսդուգեան նահանգապետարանի հանդիպման օր որոշելը միտումնաւոր կը համարէ:

«Այո, միտումնաւորութիւն կը տեսնեմ: Հանդիպումը կազմակերպելու համար Գարեգին արք․ Պեքճեան դիմած էր Սուրբ Փրկիչ հայկական ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, քանի որ վերջինս լաւ կապեր ունի իշխանական օղակներու մէջ: Հանդիպումը չէր կազմակերպուեր, եւ երբ արք․Պեքճեան մեկնեցաւ Գերմանիա, շատ արագ այդ հանդիպումը կայացաւ: Այստեղ առկայ է սադրանքներու թնջուկ»,-ըսած է լրագրողը:

Այս գործընթացի յետագայ զարգացումները պարզ պիտի ըլլան արք․Պեքճեանի քայլերէն: