Բանավէճ թորիքիոյ վարչապետի օգնականին եւ Կարօ Փայլանի միջեւ

“Ակօս”․- Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կա­րօ Փայ­լան 2018-ի ազ­գա­յին պիւտճէի քննարկումնե­րու ժա­մանակ բա­նավէճ ու­նե­ցաւ վար­չա­պետի օգ­նա­կան Հա­քան Չա­ւու­շօղլուի հետ։ Փայ­լան առար­կեց վար­չա­պետի օգ­նա­կանին երկրի քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հասցէին օգ­տա­գոր­ծած «անոնք մեր կող­մէ երաշ­խա­ւորուած աւանդներ են» խօս­քին։ Վար­չա­պետի օգ­նա­կան Չա­ւու­շօղլու Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան եւ իրեն են­թա­կայ այլ կազ­մե­րու տա­րեկան պիւտճէն ներ­կա­յաց­նե­լու պա­հուն պա­տաս­խա­նեց նաեւ երես­փո­խան­նե­րու ուղղած հար­ցումնե­րուն։ Այդ շրջագ­ծով բա­նավէճ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փայ­լա­նի ու նա­խարա­րին մի­ջեւ։ «Իմ ապ­րած պայ­մաննե­րը զիս կը մղեն փո­խադարձ ըն­կա­լու­մի։ Երկրի մէջ մնա­ցած փոքրամասնութիւննե­րը մե­զի աւանդ են։ Իս­թանպու­լի մէջ բնա­կող փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը աւանդ են մեր պե­տու­թեան, ինչպէս որ արեւմտեան Թրա­քիոյ իս­լամ փոք­րա­մաս­նութիւններն ալ աւանդ են Յու­նաստա­նին»։ Նա­խարար Չա­ւու­շօղլու այս խօս­քե­րէն ետք իր ելոյ­թը եզ­րա­փակեց «սա ո՛չ միայն իմ անձնա­կան հա­մոզումն է, այլ մեր կա­ռավա­րու­թիւնն ալ կը ցան­կա­նայ երկրի քա­ղաքա­ցինե­րուն բո­լոր իրա­ւունքնե­րուն տի­րանա­լուն։ 2013-ին ար­դէն այս մա­սին շրջա­բերա­կան մը հրա­տարա­կած ենք։ Թուրքիոյ Պատ­ժա­կան Օրէն­քի մէջ բան­տարկու­թեան պա­տիժ սահմանուած է խտրա­կանու­թեան դէմ։ Մեր հա­մոզու­մով երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը պէտք է լիակա­տար քա­ղաքա­ցիներ հա­մարուին»։ Ան տա­կաւին շա­րու­նա­կեց թուելով բո­լոր այն հաստատու­թիւննե­րը, որոնք ան­ցեալին առգրա­ւուած էին եւ ապա վե­րադար­ձուեցան իրենց նախկին տէ­րերուն։ «2003-2014 տա­րինե­րու մի­ջեւ 1029 կա­լուած­ներ վե­րադար­ձուեցան իրենց նախ­կին տէ­րերուն։ Իսկ 21 կա­լուած­նե­րու հա­մար պե­տու­թիւնը հա­տու­ցում կա­տարեց»։ Չաւուշօղլու անդրա­դար­ձաւ նաեւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ժա­ռանգնե­րու պահ­պանման ուղղութեամբ կա­տարուած աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։

Այս բա­ցատ­րութիւննե­րէն ետք Չա­ւու­շօղլու ակ­նարկե­լով ՀՏՓ-ի Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կարօ Փայ­լա­նին հար­ցուց թէ ար­դեօ՞ք ինք լուր ու­նի Երե­ւանի մէջ գտնուող Սէր­տար պա­լատէն։ «Ո՞ւր է այդ պա­լատը հի­մա։ Մնա­ցոր­դա­ցը մնա­ցած է ար­դեօ՞ք։ Գի­տէք թէ ո՞վ կա­ռու­ցած է այդ։ Ռեւանի Խան Հիւ­սէ­յին Ալին։ Խնդրեմ հի­մա մամ­լոյ ժո­ղով մը գու­մա­րեցէք եւ այս բո­լորին յայտնաբեր­ման հա­մար կոչ ուղղե­ցէք Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան։ Եթէ իրենք չեն կրնար, թող ԹԻ­ՔԱ-ի հետ կապ հաս­տա­տեն մենք պատ­րաստ ենք պէտք եղած աջակ­ցութիւ­նը ցու­ցա­բերե­լու»։

Կա­րօ Փայ­լան նիս­տի ըն­թացքին հա­կազ­դեց նա­խարա­րին այս խօս­քե­րուն։ Փայ­լան աւե­լի ետք իր ընդվզու­մը բա­ցատ­րեց հե­տեւեալ խօս­քե­րով. «Դժբախ­տա­բար կա­ռավա­րու­թիւնը եւ իրենց հետ միասին ամ­բողջ պե­տական հա­մակար­գը վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն որ­դեգրած կ՚երե­ւին պետութեան նախ­կին մտա­ծելա­կեր­պը։ Այժմ կը լսենք այնպի­սի խօս­քեր, որոնց ար­դէն սո­վոր էինք մեր ման­կութեան տա­րինե­րէն։ Ես այդ օր նա­խարա­րին յայտնե­ցի որ մենք ո՛չ աղանդ եւ ո՛չ ալ պա­տանդ ենք։ Մենք քա­ղաքա­ցիներ ենք, քա­ղաքա­ցիներ՝ որ հա­զարա­ւոր տա­րինե­րէ ի վեր կը բնա­կինք այս հո­ղերու վրայ։ Պե­տու­թիւնը ստի­պուած է մե­զի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ որդեգրել հա­մաշ­խարհա­յին սկզբունքնե­րու թե­լադ­րած կա­նոն­նե­րը։ Ինք ծնած է Կիւ­միւլճի­նէ։ Հետեւա­բար պէտք է քաջ իմա­նայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու խնդիր­նե­րը։ Սխալ գոր­ծած կ՚ընէ, եթէ Կիւ­միւրճի­նէի մէջ իրեն դէմ գոր­ծադրուած անար­դա­րու­թիւննե­րը այստեղ մե­զի դէմ գոր­ծադրել ուզէ։ Փո­խանա­կում ըսուածը քա­ղաքա­ցինե­րու դէմ գոր­ծադրե­լը անըն­դունե­լի է։ Եթէ Յու­նաստան իր երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն դէմ աւե­լի անար­դար գտնուի ինք ալ այստեղ մե­զի՞ դէմ անար­դա­րու­թիւն պի­տի ընէ։ Թուրքիա Լո­զանի դաշ­նագրով պա­հան­ջուած­նե­րէն առա­ջին շե­ղողը եղաւ։ Ու­նե­ւորու­թեան տուրքի գոր­ծադրու­թիւնը, փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու դպրոց­նե­րուն իրաւունքնե­րուն յափշտա­կու­մը, Պատ­րիար­քա­րանի իրա­վիճա­կին մեր­ժուիլը հետզհե­տէ Յունաստանն ալ ստի­պեցին փո­խադարձ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նարկե­լու։ Ես Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատ­գա­մաւորն եմ։ Ինձմէ չէք կրնար Յու­նաստա­նի կամ Հա­յաս­տա­նի որե­ւէ մեր­ժո­ղական քա­ղաքա­կանու­թեան հա­շիւը պա­հան­ջել։ Թուրքիան պէտք է իր քաղաքականութիւնով ար­դար գոր­ծէ, որ­պէսզի ես ալ ձե­զի հետ միասին Յու­նաստա­նի կամ Հայաս­տա­նի բա­ցասա­կան գոր­ծունէու­թիւննե­րու դէմ պայ­քա­րիմ»։

Կա­րօ Փայ­լան անդրա­դար­ձաւ նաեւ պատ­րիար­քա­կան եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թեան խնդրին։ «Հայ հա­մայնքը խնդիր­ներ ու­նի, որոնք շտապ լու­ծումնե­րու կա­րիք ու­նին։ Պէտք է շու­տով կա­տարուի պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը եւ պատ­րաստուած նոր կա­նոնագ­րի մը հի­ման վրայ ալ ձեռ­նարկուի հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րուն», – ըսաւ Կարօ Փայլան։