Փետրուար 20-23, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին ընթացքին ներեկեղեցական հարցերու շարքին անդրադարձ կատարուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կեանքի վերջին տարիներու զարգացումներուն եւ պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։
Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ․
«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կրկին իր մտահոգութիւնը կ՝արտայայտէ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հիւանդութեան պատճառով անցնող տասը տարիներուն ընթացքին Պատրիարքութեան եւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ տեղ գտած անցանկալի զարգացումներուն առնչութեամբ: Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը լուրջ անհանգստութիւն եւ ընդվզում առաջացուցած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին մէջ:
Փաստացի թափուր Աթոռի իրողութեան եւ նոր պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու հրամայականին առջեւ՝ 2016 թուականին Պատրիարքութեան մէջ նոր զգայունութիւններ առաջացան, որոնց փարատման համար՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորով՝ Սուրբ Էջմիածին հրաւիրուած Աթոռի եպիսկոպոսաց դասը յանձնառու եղաւ հանգուցալուծման առաջնորդելու առկայ խնդիրները: Իբրեւ արդիւնք՝ պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը նոր յոյս ներշնչեց պատմական Աթոռը գահակալով օժտելու եւ պոլսահայութեան բնականոն կեանքը վերականգնելու առումով:
Ցաւով կ՝արձանագրենք, որ կարճ ժամանակ անց եկեղեցական պատասխանատու մարմիններու եւ անհատներու անշրջահայեաց քայլերուն հետեւանքով՝ ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, որ առիթ տուաւ արտաքին ներազդեցութիւններու եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու միջամտութեան` յանգեցնելով նորանոր յուզումներու եւ վերստին ձախողելով պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման ի նպաստ ներդրուած ջանքերը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս ողջունած է պոլսահայութեան կամարտայայտութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը բերած է Աթոռի պատկան կառոյցներուն կողմէ առնուող որոշումներուն:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի 2018 Փետրուար 9-ի որոշումը նկատի առնելով հանդերձ` սթափութեան կոչ կ՝ուղղենք Աթոռի միաբաններ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանին, Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանին եւ մնացեալ եկեղեցականներուն` սեփական ձգտումներէն ու միջանձնային յարաբերութիւններէն վեր դասելու եւ առաջնային նկատելու Կ.Պոլսոյ Աթոռի շահը` ամենայն իմաստութեամբ եւ յանձնառութեամբ սրբագրելու արձանագրուած սխալ գործընթացները եւ վերականգնելու խաղաղութիւնը, միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը պոլսահայոց ալեկոծեալ կեանքին մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի յորդորն է Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ համայնքին մէջ հանգամանք ու հեղինակութիւն ունեցող աշխարհական հայորդիներուն` միաբան ու համախորհուրդ, Հայոց Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ օրինական պահանջներուն պահպանութեամբ, հետամուտ ըլլալու երկարամեայ ծանր հիւանդութեան մէջ գտնուող Ամենապատիւ Մեսրոպ Պատրիարքին անգործունեայ ճանչնալուն եւ պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման` ի պայծառութիւն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ ի մխիթարութիւն մեր բարեպաշտ ժողովուրդի:
Մեր ակնկալութիւնն է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ ընդառաջեն Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման հայ համայնքի արդար պահանջին:
Հանդարտութեան հրաւէր կ՝ուղղենք նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին` ողջախոհութեամբ եւ զսպուածութեամբ առիթ ընձեռելու Պոլսոյ Աթոռին յաղթահարելու ստեղծուած կացութիւնը:
«Եւ վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք, հաստատո՛ւն մնացէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութի՛ւն ըրէք. եւ խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը թող ըլլայ ձեր հետ» (Բ Կորնթ. ԺԳ 11)»: