Հայ-սուրիական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման 25-ամեակին առիթով, Դամասկոսի մէջ լոյս տեսաւ ՀՀ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արշակ Փոլատեանի՝ «Հայ-Սուրիական Յարաբերութիւններ. Պատմական Գործընկերութիւն» խորագիրով արաբերէն գիրքը։
Դեսպան Փոլատեանի աշխատութեան մէջ կը լուսաբանուին հայ-սուրիական յարաբերութիւնները պատմական շրջաններէն՝ Տիգրան Մեծի (Ք.ա․ I դար) ժամանակներէն սկսեալ: Աշխատութեան մէջ հեղինակը ցոյց կու տայ, որ այլ գործօններու կողքին, պատմական Սուրիոյ մէջ հայերու տարածման մեծապէս նպաստած է ուխտագնացութիւնը դէպի Երուսաղէմ, ուր IV դարուն արդէն սկսած էր կազմաւորուիլ հայկական գաղութը, որ հետագային նպաստեց տարածաշրջանին մէջ հայ համայնքներու ձեւաւորման եւ Սուրիոյ առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ հայերու դերակատարութեան աճման։
Հայերուն պատմական Սուրիոյ մշակութային եւ հասարակական կեանքին մասնակցութեան խթան հանդիսացաւ 640թ. Արաբական Խալիֆայութեան կազմին մէջ Հայաստանի ընդգրկումը, որ տեւեց շուրջ 250 տարի, իսկ այնուհետեւ շարունակուեցաւ եւ աւելի սերտացաւ Օսմանեան տիրապետութեան ընթացքին, երբ Հայաստանը եւ պատմական Սուրիան աւելի քան չորս դար կայսրութեան կազմին մէջ մնացին: Հեղինակը առանձնայատուկ կերպով կ’ընդգծէ արաբախօս հայերուն մասնակցութիւնը արաբական զարթօնքին՝ «Նահտային»:
Սուրիոյ հայերու տարածման վրայ էապէս ազդած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 19-րդ դարու 90-ական թուականներէն, հայերուն դէմ զանգուածային բռնութիւնները եւ ճնշումները: Սուրիոյ հայկական գաղթօճախը, ինչպէս կը գրէ հեղինակը, քանակապէս աւելի ընդարձակուած եւ ձեւաւորուած է որպէս համայնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք: Դոկտոր Փոլատեանը բարձրօրէն կը գնահատէ 20-րդ դարու առաջին կէսին Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին մարդասիրական հոգատար դրսեւորումները հայ տարագիրներուն նկատմամբ:
Անդրադառնալով ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ հայ համայնքի անցած ճանապարհին՝ հեղինակը կը յայտնէ, որ աւելի քան հարիւր տարուան ընթացքին հայերը՝ որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, սուրիացի ժողովուրդին հետ հաւասարապէս մասնակցած են անկախութեան համար մղուած պայքարին, ինչպէս նաեւ նորանկախ Սուրիոյ ընկերային-տնտեսական կեանքի զարգացման եւ բանակաշինութեան: Այդ իսկ պատճառով հայերը՝ որպէս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւն, մշտապէս յարգուած եւ գնահատուած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ: Հեղինակը կը յիշէ թէ պետական իշխանութեան՝ հայերուն հանդէպ նման վերաբերմունքը բարեբեր հող հանդիսացած է 1991 թուականի Հայաստանի անկախութենէն ետք հայ-սուրիական պաշտօնական յարաբերութիւններու արդիւնաւէտ զարգացման համար: Եթէ անցեալին հայ-սուրիական յարաբերութիւնները հիմնականապէս կը մնային ժողովուրդներու փոխադարձ շփումներուն մակարդակին, ապա 6 Մարտ 1992-ին, դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման մասին յուշագիրի ստորագրումէն ետք սկսան երկկողմ միջպետական աշխոյժ շփումները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան միջեւ:
Գեղեցիկ եւ շքեղ կազմով հրապարակուած գիրքին կցուած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, սուրիացի անուանի մտաւորական, ՀՀ նախագահի երախտագիտութեան մետալակիր, «Տար ալ Շարք» հրատարակչութեան սեփականատէր եւ հայ ժողովուրդին մեծ բարեկամ Նապիլ Տոոմէն, որ բարձրօրէն գնահատած է Ա.Փոլատեանի աշխատութեան գիտական մակարդակն ու արժանիքները:
Դեսպան Արշակ Փոլատեանի մենագրութիւնը արժէքաւոր է նաեւ այն բանով, որ հեղինակը, շուրջ քառորդ դար աշխատելով Հայաստանի դիւանագիտական համակարգէն ներս եւ 2007-էն զբաղեցնելով Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօնը, կանգնած թէ՛ հայ-սուրիական եւ թէ արաբական աշխարհի հետ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն ակունքին: Ան ականատես եւ մասնակից դարձած է վերջին 25 տարիներու ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բոլոր կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն: Այսպիսով, սոյն աշխատութիւնն ունի ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ՝ փաստագրական արժէք: