Դեսպան Մուհամմատ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ. «Հայկական համայնքը Սուրիոյ ժողովուրդին անքակտելի մասն է»

Չորեքշաբթի՝ 6 Սեպտեմբեր 2017-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը իր պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ մաղթած յաջողութիւններ:

Մուհամմատ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ ըսած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները բարձր կը գնահատեն բարեկամ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը երկրին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործին:

Դեսպանը դրուատանքով խօսած է սուրիահայ համայնքին մասին, որ անոր խօսքով` սուրիացի ժողովուրդի անքակտելի մասն է եւ տասնամեակներ շարունակ մեծ ներդրում ունեցած է երկրի զարգացման գործին: Մուհամմատ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ վստահեցուցած է, որ հայկական համայնքը մշտապէս եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին:

Սերժ Սարգսեան իր հերթին յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ ի վերջոյ կը հաստատուի խաղաղութիւն, ինչով Հայաստանը շահագրգռուած է:

«Հայաստանը խորապէս մտահոգուած ըլլալով բարեկամ սուրիացի ժողովուրդի ճակատագիրով` այս ամբողջ ընթացքին ցաւով հետեւած է իրադարձութիւններուն եւ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման ու իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցութիւն ցուցաբերած է ինչպէս զրկանքներու ենթարկուած սուրիահայ համայնքին, այնպէս ալ սուրիացի ողջ ժողովուրդին»,- ըսած է նախագահը: