«Եթէ դուն չկաս, մէկ պակաս ենք…». տեղապահ Պեքճեան Սրբազանին կոչը

Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանի ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւն մը լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ: Յայտարարութեան մէջ տեղապահ սրբազան հայրը կոչ ուղղած է բոլոր պոլսահայերուն աշխուժօրէն մասնակցիլ ընտրական ցուցակները վերանորոգելու աշխատանքին:

Տեղապահը մասնաւորապէս ըսած է «Մեր հայրական թելադրանքն է, որ 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան պատրաստութեան այս շրջանին նկատի ունենալով համայնքի եւ եկեղեցւոյ ապագան, հաճիք անձագիրներով դիմել ձեր բնակած թաղի եկեղեցին ու արձանագրուիլ ընտրացանքին մէջ»: Տեղապահ սրբազան հայրը իր կոչը աւարտած է գրելով ՝ «Երբ դուն չկաս, մէկ պակաս ենք…»:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ դեկետեմբերին, անշուշտ եթէ այս առումով անսպասելի անկակնալներ տեղի չունենան:

«Հայ Ձայն»