Եուճելի ազատ արձակումէն ետք Փայլան կ՛ըսէ . «Գերմանիան ու Թուրքիան բացայայտ քաղաքական առեւտուրի մէջ են»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան` մեկնաբանելով գերմանական «Վելթ» օրաթերթի թղթակից, Գերմանիոյ քաղաքացի Տենիզ Եուճելի ազատ արձակումը, յայտարարած է, որ Գերմանիան ու Թուրքիան «բացայայտ քաղաքական առեւտուրի մէջ են» եւ այս անգամ նոյնիսկ չեն ալ փորձած ատիկա թաքցնել:

Նշենք, որ Եուճելի ազատ արձակումէն մէկ օր առաջ Պերլինի մէջ տեղի ունեցած էր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած էր Եուճելի` աւելի քան մէկ տարի տեւած կալանաւորումը: Հանդիպումէն մէկ օր առաջ ալ Եըլտըրըմ Անգարայի մէջ նշած էր, որ թէեւ Եուճելի ազատ արձակման որոշումը միայն դատարանին իրաւունքն է, եւ իշխանութիւնները ատոր չեն կրնար խառնուիլ, ինք յոյս ունի, որ Եուճել մօտիկ ապագային ազատ պիտի ըլլայ:

Եուճել ազատ արձակման նոյն օրն իսկ վերադարձած է Գերմանիա:

«Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այս ամէնով կ՛ուզէ ըսել` «Ամէն բան ինձմէ կախեալ է», ատիկա շատ ակնյայտ կերպով կը ցուցադրէ, ես ասիկա այդպէս կ՛ընկալեմ», ըսած է Փայլան` յիշեցնելով Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ թրքական բանակի գերմանական «Լէոփարտ» տեսակի հրասայլերու արդիականացման նախագիծին վերաբերեալ համաձայնութիւնը, որուն դիմաց ալ, ըստ Փայլանի, ազատ արձակուած է գերմանական օրաթերթին լրագրողը:

«Պետութիւնները միշտ ալ որոշ ներքին համաձայնութիւններ կ՛իրականացնեն, սակայն այս պարագային այս ամէնը շատ բացայայտօրէն ըրին ու չփորձեցին ալ թաքցնել: Տենիզ Եուճելի օդանաւը նոյնիսկ նախապէս պատրաստուած եղած է», նշած է Փայլան: