Երուսաղէմի հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագիր կը մշակուի

Երուսաղէմ ոտք դրած զբօսաշրջիկները, անկախ ազգութենէն, Հայկական թաղամասը չեն շրջանցեր: Անիկա մէկն է Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն. միւս երեքը կը պատկանին քրիստոնէական, հրէական եւ մահմետական համայնքներուն: Սուրբ քաղաքին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը փաստող վկայութիւնները շատ են: Բայց այն, ինչ կրնան տեսնել այցելուները, փոքր մասն է միայն:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի «Էդուարդ եւ Էլեն Մարտիկեան» թանգարանը չի գործեր աւելի քան 20 տարիէ: Ֆրանսահայ նշանաւոր հայագէտ, պատմաբան, մաթեմատիկոս Քլոտ-Արմեն Մութաֆեան 1979-ին այցելած էր թանգարան, բայց մինչեւ հիմա կը յիշէ անոր անմխիթար վիճակը:

Մօտ երկու տարի առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան Քլոդ Մութաֆեանին առաջարկած է զբաղիլ թանգարանի վերաբացումով: Ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Գէորգեանի եւ թանգարանագէտ Յարութ Պեզճեանի հետ սկսած են պատրաստել  ցուցադրութեան գիտական ծրագրի նախնական տարբերակը:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը Քլոտ Մութաֆեանը հրաւիրած էր` ներկայացնելու կատարուած աշխատանքը:

Գիտնականը կ՛ըսէ, որ Հայաստանէն ետք Երուսաղէմը ամենամեծ ու արժէքաւոր հայագիտական շտեմարանն է: Ցաւօք, այդ ահռելի նիւթը փակ է:

«Շատ զբօսաշրջիկներ Երուսաղէմ կ՛այցելեն եւ անոնց ուղեցոյցին մէջ նշուած է հայկական թաղամասը: Կ՛երթան, բայց Մայր տաճարը այցելութեան համար բաց է միայն 15:00-էն 15:30: Յետոյ կը տեսնեն սլաքը ցոյց կու տայ` Armenian museum: Կ՛երթան, փակ է:

«Սիրտս կը ցաւի, որ մարդիկ խանդավառութեամբ կու գան, բայց ոչինչ կը տեսնեն: Եթէ մէկը կ՛ուզէ իմանալ, զարգանալ, պէտք է օգնել անոր: Միաբաններու կողմէ մեծ դիմադրութիւն կայ: Տարօրինակ մտածելակերպ է` մերն է, պէտք է պահենք, օտարը չտեսնէ, չնախանձի»,- կ՛ըսէ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան:

700 քառակուսի մեթր տարածքով երկյարկանի շէնքը պէտք է բարեկարգուի եւ յարմարութիւն ստեղծուի մշտական ցուցադրութեան համար:

Ըստ նախնական ծրագրի` թանգարանը պիտի ունենայ քանի մը բաժին, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրբ քաղաքի հայկական ժառանգութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց վանքը` իր բարերարներով եւ ուխտաւորներով, պիտի ըլլայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն, տպագրութեան վերաբերող նիւթեր եւ լուսանկարներ: Երուսաղէմի մէջ առաջին տպագիր գիրքը հայերէն է, եւ տպագրական մեքենան ալ կը պահուի Հայոց պատրիարքարանին մէջ:

Ան կ՛ըսէ, որ արժէքաւոր ցուցանմուշները շատ են:

Բարեբախտաբար ատոնք լաւ պահպանուած են եւ վերականգնման կարիք չունին:

«Աշխարհի մէջ Թորոս Ռոսլինի եօթ մանրանկար կայ, որոնցմէ չորսը Երուսաղէմի մէջ է: Այստեղ կը պահուին 1064 թուի շքեղ Աւետարանը, կաթողիկոսական, պատրիարքական կոնդակները: Հայոց պատրիարքարանին մէջ կը պահուի Մուհամմեդ մարգարէի ֆերմանը, նաեւ` Սալահ ատ Տինինը. Երուսաղէմը գրաւելէ ետք ան իր ստորագրութեամբ ֆերման մը գրեց, որ հայերուն ձեռք չտան:

«Եկեղեցւոյ` 14-րդ դարու շատ գեղեցիկ արձանագրութեամբ, փայտէ դուռը կայ: Աշխարհի մէջ այդպիսի չորս դուռ տեսած էի` երկուքը Էրմիտաժի, մէկը` Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, միւսը` Թէոդոսիայի մէջ: Սա հինգերորդն է»

 

Արժէքաւոր ցուցանմուշներուն մէկ մասը պիտի ընդգրկուի մշտական ցուցադրութեան մէջ: Պիտի պատրաստուին կրկնօրինակներ այն ցուցանմուշներէն, որոնք պահպանման յատուկ պայմաններ կը պահանջեն: Տարուան ընթացքին որոշ օրեր այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու բնօրինակները: Կը նախատեսուի պատրաստել նաեւ Հին քաղաքէն դուրս գտնուող 7-րդ դարու հայկական արձանագրութեամբ խճանկարի կրկնօրինակը եւ տեղադրել թանգարանի մուտքին առջեւ:

Թանգարանի վերաբացման համար անհրաժեշտ է մօտ երկու միլիոն եւրօ: Քլոտ Մութաֆեան կ՛ըսէ, որ Նուրհան պատրիարքը խոստացած է հայթայթել պահանջուող գումարը: Գաղափարները շատ են, մինչ գործնական փուլին անցնիլը դարձեալ քննարկումներ պիտի ըլլան:

 

Լուսինէ Ղարիբեան

Լուսանկարը` Կլոդ-Արմեն Մութաֆյանի արխիւէն