Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը չեղարկած է «Կովերու Պարտէզ»-ի համաձայնագիրը

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նամակ ուղարկած է Xana Gardens Ltd-ին՝ յայտնելով, որ չեղարկած է Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածքին վերաբերեալ 2021թ․ Յուլիս 8-ին ստորագրուած համաձայնագիրը։ Այս մասին կը յայտնէ Երուսաղէմի պատրիարքութեան դիւանապետ Հայր Աղան Գոգչեան։

«Կովերու պարտէզ»-ը կը գտնուի պատմական Սիոն լերան վրայ, Երուսաղէմի հայկական թաղամասի հարաւարեւմտեան անկիւնը: Դեռ 2021թ․ Նոյեմբերին Մայր Աթոռի մէջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննարկած էր Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ «Կովերու պարտէզ» կալուածքը վարձակալութեան յանձնելու խնդիրը եւ կոչ ըրած էր չեղարկելու այդ որոշումը։