Զապել Եսայեանի անուան ծառուղի՝ Փարիզի մէջ

Մարտ 8-ին` կանանց իրաւունքներու համար պայքարի օրուան առիթով, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի ներկայութեամբ քաղաքի Հանրապետութեան պողոտայի եւ Թլիմսեն ու Սփինոզա փողոցները (20-րդ եւ 11-րդ շրջաններ) իրար կապող հատուածին մէջ գտնուող ծառուին անուանակոչեց հայ կին գրող, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Զապէլ Եսայեանի անունով: Ծառուղին կ’երկարի Մենիլմոնթան պողոտայի կեդրոնական հատուածովը:

1878-ի Փետրուար 4-ին Կ․ Պոլսոյ  Սկիւտար թաղամասին մէջ  ծնած Զապէլ Եսայեան (ծն. Յովհաննիսեան) ուսած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ: Իր «Աւերակներուն մէջ» (1911) աշխատութեան մէջ Զապէլ Եսայեան վաւերագրած է Ատանայի մէջ 1909-ին տեղի ունեցած հայերու ջարդերը, որոնց ընթացքին աւերուած են քաղաքի հայկական թաղամասերը, սպաննուած աւելի քան 30.000 հայ:

Զապէլ Եսայեան ճամբորդած է Եւրոպայով` բարձրաձայնելով հայերու ջարդերու մասին, նուիրուած երիտասարդ աղջիկներու կրթութեան եւ ցեղասպանութենէն որբացած երեխաներու փրկութեան առաքելութեան: 1933-ին ան մշտական կը հաստատուի Խորհրդային Հայաստան։ Երեւանի մէջ կը ղեկավարէ Պետական համալսարանի Արեւմտեան գրականութեան բաժինը: Զոհ կ’երթալով  ստալինեան բռնութիւններուն՝ կը ձերբակալուի 1937-ին եւ կ’անհետանայ 1943 թուականին: