Թուրքիոյ ազգայնական կուսակցութեան ընտրացուցակին մէջ հայ կայ

Թուրքիոյ մէջ, Յունիս 24-ին պիտի կայանան խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցող կուսակցութիւնները վերջնական տեսքի կը բերեն  իրենց ընտրացուցակները:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ յայտնի դարձած է, որ ծագումով հայ Էլմաս Կիրակոսը, որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ նորաստեղծ «IYI» ազգայնական կուսակցութիւնը, պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած է Սթամպուլէն։

Կիրակոս առաջադրուած է Սթամպուլի 3-րդ ընտրատարածքին մէջ՝ ցուցակի 8-րդ թիւին տակ։ Ան միաժամանակ կը հանդիսանայ նորաստեղծ կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը։

Յայտնի է, որ Էլմաս Կիրակոս ծնած է 1973 Յուլիս 30-ին, այժմեան Թուրքիոյ Ամասիա նահանգի Կիւմուշհաճըքէօ գիւղին մէջ։ Յաճախած է տեղի Մ. Ք. Աթաթուրքի անուան միջնակարգ դպրոց։ Յետագային, ընտանիքի հետ միասին, տեղափոխուած է Սթամպուլ:

2000-2001թթ. վարչական աշխատանքի անցած է թրքական թատրոններէն մէկուն մէջ։

Յետագային անդամագրուած է Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» (ԱՇԿ-MHP) կուսակցութեան։ Նոյյնիսկ մասնակցած է 2014-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն՝ իբրեւ Սթամպուլի Պաքըրքէօ թաղամասի աւագանիի անդամի թեկնածու։ Որոշ ժամանակ անց՝ ծագումով հայ կին քաղաքական գործիչը լքած է ԱՇԿ-ի շարքերը։

Թրքական լրատուամիջոցներու պնդումով՝ հայկական ծագում ունի նաեւ «IYI» կուսակցութեան փոխնախագահ Թայլան Եըլտըզը։