Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի պայքարի չորս հայ թեկնածու

Թուրքիոյ բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովը վերջնականապէս յստակացուցած է Յունիս 24-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կուսակցութիւններու ներկայացուցած թեկնածուներուն ցուցակը:

Վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ ցուցակները հրապարակուած են Resmi Gazete պաշտօնաթերթին մէջ:

Համաձայն հրապարակուած ցուցակներուն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւնները առաջադրած են չորս հայ թեկնածու,- Մարգար Եսայեան՝ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն, Կարօ Փայլան եւ Լիւդմիլա Պիվէում՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութենէն, Էլմաս Կիրակոս՝ «Լաւ» կուսակցութենէն:

Մարգար Եսայեան յայտնի է իշխանական շրջանակներու հետ սերտ յարաբերութիւններով: 2015-ին ընտրուելէն ի վեր ան որեւէ հայամէտ նախաձեռնութեամբ ուշադրութիւն չէ գրաւած: Աւելին, 2016 Յունիսին, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին, ան Թուրքիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ կողմ քուէարկած է բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպերթ Ուոլթըրի հակահայկական «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկոյցին, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ տապալուած էր:

Ի տարբերութիւն Եսայեանի՝ Փայլան մշտապէս բարձրաձայնած է հայ համայնքը յուզող հարցերը: Ան ուշադրութիւն գրաւած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր համարձակ ելոյթներով, որոնց ընթացքին բազմիցս բարձրաձայնած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն առերեսուելու սեփական պատմութեան ու ընդունելու սեփական յանցանքը: Պատգամաւորը անգամ համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած էր, որմով կը նախատեսուէր 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս ճանչնալ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Առաջարկը մերժուած էր: Ան նաեւ պարբերաբար բարձրաձայնած է պոլսահայ համայնքը յուզող հարցերը, մասնաւորապէս Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրելու անհրաժեշտութեան հարցը: Խորհրդարանի ամպիոնէն ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար՝ ան անգամ ենթարկուած է կարգապահական տոյժի: Բացի այդ, օրերս յայտնի դարձաւ, որ անոր դէմ քրէական օրէնսգրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է: Հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած է զինք անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջագիր:

Էլմաս Կիրակոս նախապէս «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան անդամ եղած է: Այս ընտրութիւններուն՝ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուելու թուղթերը յանձնելու ժամանակ՝ ան նշած էր, որ ինքը հայ է, եկեղեցի կ՝երթայ ու հպարտ է, որ Աթաթուրքի զաւակներէն է։

Լիւդմիլա Պիվէում հասարակայնութեան հետ կապերու մասնագէտ է:

Բացի Կարօ Փայլանէն, որուն թեկնածութիւնը կուսակցութիւնը առաջադրած է Տիարպեքիրի մէջ, միւս բոլոր թեկնածուները առաջադրուած են Սթամպուլէն:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի ութ կուսակցութիւն:

Նշենք նաեւ, որ նախորդ՝ 2015 Նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ թրքական խորհրդարանը ունի երեք հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանը, Մարգար Եսայեանը եւ քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած իրաւաբան Սէլինա Տողանը: Վերջինս այս անգամ կուսակցութեան կողմէ իբրեւ պատգամաւորի թեկնածու չէ առաջադրուած։