Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ընող փրոֆեսորը

Կիւլէնականներուն օգնելու մեղադրանքով օրեր առաջ ձերբակալուած փրոֆեսոր Մեհմետ Ալթան դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է, կը գրէ news.am-ը:

Թրքական Cumhuriyet-ի փոխանցմամբ` կիւլէնականներուն ու յեղաշրջման փորձին աջակցած փրոֆեսոր եղբայրներ Ահմետ Ալթանին ու Մեհմետ Ալթանին դատարանին մէջ հարցաքննած են 5 ժամ:

Հարցաքննութեան ժամանակ Taraf պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթան նշած է, որ ամբողջ կեանքը պայքարած է յեղաշրջումներու դէմ եւ չէր կրնար այս անգամ աջակցիլ ատոր:

Դատարանը որոշած է ստորագրութեամբ ազատ արձակել Ահմետ Ալթանը, սակայն կալանման որոշում  կայացուած է Մեհմետ Ալթանի նկատմամբ: