Թուրքիոյ մէջ «Կանաչներու Ձախ» կուսակցութեան անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յարգած են

Թուրքիոյ մէջ գործող «Կանաչներու Ձախ» կուսակցութեան անդամները Իսթանպուլի Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ, Ցեղասպանութեան օրուան նուիրուած յիշատակի միջոցառում ունեցած են: Միջոցառման ելոյթ ունեցած է «Կանաչներու Ձախ» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու, 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ Ճեմալ փաշայի թոռ Հասան Ճեմալը:

«Սիրելի Հրանդ Տինքի ցաւը զիս այստեղ բերած է: Սիրելի Հրանդ Տինքի ցաւը զիս ծանօթացուց սիրելի հայ ժողովուրդի ցաւին: Հրանդ Տինքի շնորհիւ ես սկսայ հասկնալ այս հողի առհասարակ ոչ-լաւ էջերը: 2017 թուականին իմ գրած գիրքը կը կրէ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւն անունը: Ես այսօր այստեղ եմ` կիսելու իմ հայ եղբայրներուս ցաւը», ըսած է Հասան Ճեմալ:

Ապա, կուսակցութեան մէկ այլ անդամ՝ Անի Քալքը ներկայացուցած է կուսակցութեան Շիշլիի գրասենեակին յայտարարութիւնը:

«Ապրիլ 23-ի լոյս  24-ի  գիշերն էր: Օսմանեան կառավարութիւնը «Միութիւն եւ Յառաջադիմութեան» գլխաւորութեամբ ժողովուրդի մը բնաջնջման ուղղութեամբ այստեղ ըրաւ առաջին քայլը: Անոնք մեծ գործողութիւն սկսան այս շրջանէն, որ հետագային կոչուեցաւ Քուրթուլուշ, իսկ հին անունը Թաթաւլա էր: Հրամայուած էր անյապաղ ձերբակալել այդ ժամանակաշրջանի մայրաքաղաք Իսթանպուլի մէջ բնակող հայ համայնքի մօտ 250 մտաւորականներ, հասարակական կարծիքի առաջնորդներ, մտաւորականներ եւ գործարարներ: Ձերբակալութիւնները շարունակուած են յաջորդ օրերուն: 24 ժամուան ընթացքին աւելի քան 2000 նշանաւոր հայեր, արտաքսուած են: Միաժամանակ ամբողջ Անատոլիոյ մէջ սկսած է հարկադիր տեղահանութիւն, որուն նպատակն էր արտաքսել հայերը իրենց տուներէն: Անատոլիական հողերը հազարաւոր տարիներ իրենց տունը դարձուցած հայ ժողովուրդը տարագրութեան անուան տակ իր հայրենիքէն վտարուելով` մահուան կը ճամբորդուէր անոնց կողմէ, որոնք եկած են այդ տարածքներ անոնցմէ հազարաւոր տարիներ յետոյ», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ: