Թուրք պատմաբան Շիւքրիւ Ըլըճաքը հայատառ թրքերէնով գրուած նամակներու ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք՝ ցոյց տուած է, որ թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը ամենեւին չ՝արտացոլացներ Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակած հայերուն վերաբերեալ իրական պատկերը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է թրքական gazeteduvar կայքը:
Շիւքրիւ Ըլըճաքը գիտական ուսումնասիրութեան ենթարկած է Կեսարիոյ հայ ընտանիքներէն Քոճայեան ընտանիքի հայատառ թրքերէնով գրուած ընտանեկան նամակները:
«Թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը հայերը կը ներկայացնէ իբրեւ զէնքը ձեռքին թուրքը սպաննելու երդում տուած որեւէ հրէշի, որոնք կ՝ապստամբէին պետութեան դէմ: Պաշտօնական պատմագրութեան մէջ կը ներկայացուի, որ հայերն են մեղաւոր իրենց հետ կատարուածի համար: Այս նամակներուն ուսումնասիրութիւնը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ այդ ամէնը չի համապատասխաներ իրականութեան եւ որ հայերն ալ իրական կեանքի իրական մարդիկ են, անոնք ալ կը հիւանդանան, կը սիրեն, կ՝ատեն, կը մտահոգուին ձմռան սնունդի պաշար հաւաքելու համար, ջանք կը թափեն իրենց զաւակները կրթութեան տալու եւ պարտքերը տալու համար»,- նշած է պատմաբանը:
Քոճայեան ընտանիքէն Յարութիւն Քոճայեանը եւ անոր որդին` Կարապետ Քոճայեանը 1912-1913թթ. մեկնած են ԱՄՆ աշխատելու եւ կրկին հայրենիք վերադառնալու նպատակով: ԱՄՆ-էն Յարութիւն եւ Կարապետ Քոճայեանները նամակագրական կապ պահպանած են գիւղի իրենց հարազատներուն հետ: 1915-ի նամակագրական կապը ընդհատուած է, եւ անոնք կրկին նամակ ստացած են միայն 1918-ին եւ տեղեկացած, որ իրենց ամբողջ ընտանիքը կոտորուած է: Այս նամակները Յարութիւնի եւ Կարապետի համար ԱՄՆ-ի մէջ եղած են ոչնչացուած ընտանիքէն միակ յուշը:
Նամակները բացայայտուած են այն ժամանակ, երբ Քոճայեաններու ընտանիքի ԱՄՆ բնակող ժառանգները սկսած են հետաքրքրուիլ իրենց արմատներով: Այս նամակները ենթարկուած են գիտական ուսումնասիրութեան:
Պատմաբանը նշած է, որ պատմագրական ուսումնասիրութիւններու տեսանկիւնէն Քոճայեան ընտանիքի նամակները շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր աղբիւր կը հանդիսանան։