Թրքական դատարանը բեկանած է հայկական եկեղեցւոյ պետականացման որոշումը

Թուրքիոյ Գերագոյն վարչական դատարանը բեկանած է Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պետականացման որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Տիարպեքիրի մէջ քիւրտերու հետ բախումներէն ետք՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2016 Մարտ 21-ին որոշած էր պետականացնել Տիարպեքիրի Սուր շրջանի մէկ հատուածը, ուր կը գտնուէին հայկական Սուրբ Կիրակոս, քաղդէական Սուրբ Սարգիս, հայկական կաթոլիկ, ասորական Սուրբ Աստուածածին եւ բողոքական եկեղեցիները:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը Գերագոյն վարչական դատարանին մէջ բողոքարկած էր նախարարներու խորհուրդի որոշումը: Դատարանն ալ կառավարութեան որոշումը չեղարկելու վճիռ կայացուցած է` յղում ընելով սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութեան գործերով Սահմանադրական եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարաններու (ՄԻԵԴ) կայացուցած վճիռներուն:

Դատարանը գործի քննութեան ընթացքին հարցադիմում ուղարկած էր Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւն` պահանջելով տեղեկութիւն տրամադրել եկեղեցւոյ պետականացման պատճառներուն, յետագայ շահագործման նպատակներուն մասին: Սակայն նախարարութիւնը որեւէ կերպ չէ արձագանգած դատարանի հարցման:

Նշենք, որ եկեղեցին թուրք-քրտական բախումներուն ժամանակ մեծ վնաս կրած էր եւ 2015 թուականէն փակ էր մինչեւ այսօր: Եկեղեցւոյ տարածք մուտքը արգիլուած է, քանի որ անիկա կը գտնուի անվտանգութեան ուժերու հսկողութեան տակ: