Իսրայէլի Քնեսէթը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Քնեսէթի խօսնակին նամակը՝ Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանին

Իսրայէլի Քնեսէթը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ո՛չ թէ քաղաքական կամ դիւանագիտական շահերէ մեկնելով, այլ քանի որ ատիկա ճիշդ եւ բարոյական քայլ է: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին նշած է Իսրայէլի Քնեսէթի խօսնակ Եուլի Էտըլշթէյն՝ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին ուղղուած նամակին մէջ, որ իր դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը այս շաբաթ ընդհանրապէս նախատեսուած չէր ընդգրկելու Քնեսէթի օրակարգին մէջ, հետեւաբար հարցը երբեք չէ «մերժուած»: Աւելին, նշեմ, որ ես չեմ խոչընդոտած հարցի (օրակարգի մէջ) ընդգրկելուն՝ ո՛չ իմ գործողութեամբ, ո՛չ ալ ակնարկով: Չեմ հրաժարիր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ըսած իմ ո՛չ մէկ խօսքէն: Այսօր եւս ես հաւատարիմ եմ հարցին վերաբերեալ իմ կեցուածքին, որ ապացուցած եմ անցնող տարիներուն շարունակաբար եւ իմ կեցուածքն է, որ Իսրայէլի Քնեսէթը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ ատիկա ճիշդ եւ բարոյական քայլ է եւ ո՛չ թէ ճանչնայ զայն քաղաքական կամ դիւանագիտական շահերէ մեկնելով: Ես կը խնդրեմ Ձերդ Ամենապատւութեան՝ հանգստացնելու Ձեր միտքը: Այն պահուն, երբ համոզուինք, որ պատմական այս ճանաչման համար Քնեսէթի մէջ կայ մեծամասնութիւն, (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման) հարցը պիտի ընդգրկենք լիագումար նիստի օրակարգ»,-ըսուած է նամակին մէջ:

Եուլի Էտըլշթէյն նշած է, որ այդ նպատակին համար ինքը պէտք է իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ընէ ամէն ինչ: Ան յոյս ունի, որ իր ջանքերը պիտի տան դրական արդիւնք:

«Մեր յաղթանակով նաեւ մեր հայ բարեկամները պիտի յաղթեն: Ես չեմ վախնար երկար ճանապարհէն»,- ըսած է Եուլի Էտըլշթէյն:

Նշենք, որ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան նամակ գրած էր Քնեսէթի խօսնակ Եուլի էտըլշթէյնին եւ իր հիասթափութիւնը յայտնած առ այն, որ վերջինս Քնեսէթի օրակարգէն հանած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը: