Իրանահայ բարերար ընտանիքին միջոցներով պիտի բարեկարգուի Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհը

Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի մէկ հատուածի կառուցման համար իրանահայ բարերարներ Հենրիկ եւ Ատրինէ Տէր Ղուկասեանները կը նուիրեն 1 միլիոն 300 հազար տոլար:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` մանրամասնելով, որ, Նոյեմբերին տեղի ունենալիք դրամահաւաքին ընդառաջ, Համահայկական հիմնադրամը արդէն բարերար ընտանիքէն ստացած է մեծ նուիրատւութեան հերթական խոստումը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ իրանահայ բարերար ամուսինները որոշումը կայացուցած են վերջերս Արցախ կատարած այցի ընթացքին` տեսնելով Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի անմխիթար վիճակը:

Նշենք, որ աս իրանահայ բարերարներու առաջին նուիրատւութիւնը չէ: