Լիբանանի մէջ “Հայաստան” համակայկական հիմնադրամի ռատիոթոնին հանգանակուեցաւ 90.560 տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2017-ին իր կազմակերպած ռատիոթոնի ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 90.560 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ հիմնադրամի «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին, որուն շնորհիւ Արցախի տարածքին պիտի հորատուին արտեզեան ջրհորներ եւ պիտի հաստատուին ոռոգման ցանցեր, ինչպէս նաեւ հանրային կառոյցները պիտի օժտուին արեւային ուժանիւթով բանող համակարգերով:

Այս տարուան ռատիոթոնը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ լիբանանահայը, իր դիմագրաւած բազում դժուարութիւններով հանդերձ, կը մնայ հաւատարիմ իր ազգային պարտականութիւններուն, եւ հայրենակերտումի գործը նկատելով գերադաս, մեծաթիւ մասնակցութիւն կը բերէ համահայկական տարողութեամբ ընթացող նման ծրագիրներու իրագործման:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ